Քոսթա Ռիքան 1 օգոստոսէն սկսեալ պիտի դադրեցնէ Պաքուի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Դեսպանատունը հաստատած է այս տեղեկութիւնը, սակայն պատճառներուն մասին մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:
Քոսթա Ռիքան Ազրպէյճանի մէջ իր դեսպանատունը բացած էր նոյեմբեր 2017-ին: