ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր շրջապատին կարծիքը նկատի առէք եւ աշխատեցէք հարցերուն դիւանագիտութեամբ մօտենալ: Զգուշ եղէք առողջական հարցերէ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Քննարկումներու ընթացքին ձեր նիւթերը ներկայացուցէք առարկայականօրէն եւ ճկունութեամբ: Աշխատանքային յաջող ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Լաւ ծրագրեցէք եւ տնօրինեցէք ձեր գործերը: Մի՛ վիճաբանիք մարդոց հետ, հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը, այլ յաւելեալ ժամ տրամադրեցէք ձեր պարտաւորութիւնը կատարելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ դուք ժամանակ պիտի տրամադրէք ձեր ընտանիքին: Յարմար ժամանակ է` ձեր իրաւունքը պահանջելու եւ դիրքը վերագտնելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ամսուան ամէնէն վատ օրերէն մէկն է: Դուք ձեզ վրդոված ու տագնապած պիտի զգաք: Ձախողութիւն մը պիտի ապրիք, բայց այս առնչութեամբ մի՛ քննադատէք ոեւէ մէկը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Աշխատեցէք` վիճակը հանդարտեցնել եւ հեռու մնալու վիճաբանութիւններէ: Հակառակ տագնապալից շրջանին` ժամանակը յարմար է ուշագրաւ ծրագիր մը յաջողցնելու: Ձեր ծնողներուն հանդէպ ձեր պարտականութեան մէջ մի՛ թերանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նիւթական ճնշումներ պիտի ունենաք այս օրերուն: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Մի՛ յամառիք, այլ աշխատեցէք յարմար լուծում մը գտնել ձեր հարցերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկ է: Պիտի նախընտրէք` հանդարտ մնալ` հեռու ձայներէն: Կարեւոր է, որ ժամանակ տրամադրէք նաեւ ձեր հանգիստին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ուրիշներուն մի՛ վստահիք ձեր աշխատանքը: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը: Պիտի ստանաք նոր պատասխաններ եւ ըստ այնմ պիտի դասաւորէք ձեր ծրագիրները: Ժպտացէ՛ք, բախտը ձեզի հետ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ճիգերը պիտի կեդրոնանան նիւթական հարցի մը վրայ: Պիտի տագնապիք բժշկական հարցով մը: Հետապնդեցէք մանրամասնութիւնները եւ լաւապէս քննարկեցէք ձեզ մտահոգող հարցերը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի գանգատիք գործերու դանդաղ ընթացքէն, բայց մի՛ աճապարէք: Սեւ միտքերու զոհ մի՛ դառնաք: Պայմանագիր մի՛ ստորագրէք եւ նոր գործի մի՛ սկսիք այս շրջանին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր եռանդը պիտի վերագտնէք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Նշան մը պիտի ստանաք եւ պիտի սկսիք նոր շրջան մը: Անձնական եւ զգացական գետնի վրայ ուրախութիւն մը պիտի ապրիք: