Նախորդ շաբաթավերջին յստակացան այն չորս խումբերը, որոնք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար մրցաշարքին գծով կիսաւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ:
Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսան, իսկ Փորթուգալ` Իրլանտան:
Երկու մրցումներն ալ, որոնք տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, պիտի սկսին ժամը 15:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած վերջին երկու ճակատումներուն, Ֆրանսա յաղթեց Նորվեկիոյ (1-0), իսկ Իրլանտա` Չեխիոյ (2-1):
Փորթուգալ – Իրլանտա մրցումը տեղի պիտի ունենայ Բանանցի մարզադաշտին վրայ, իսկ Ֆրանսա – Սպանիա ճակատումը` հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Մարզադաշտերու բոլոր թրիպիւններու տոմսերուն գինը կ՛արժէ 500 դրամ: