Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական Նաւ Մը Արգելանքի Տակ Առնելուն Համար Բրիտանիա Կը Սերտէ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կարելիութիւնը

Յուլիս 22, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Թոպիաս Էլվուտ յայտնեց, որ իր երկիրը միջազգային դաշնակիցներու հետ կը քննարկէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութիւնը:

«Բոլորը մտահոգ են տագնապի մը ծագումէն, եւ պէտք է կացութիւնը հանդարտեցնենք», նշեց ան` աւելցնելով, որ Բրիտանիա յանձնառու է Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական իր ներկայութիւնը պահելու առնչութեամբ` Հորմուզի նեղուցը նաւարկման դիմաց բաց պահելու համար:

Էլվուտ ընդգծեց. «Բրիտանական քարիւղատար նաւու գրաւման դէպքը Իրանի եւ Արեւմուտքին միջեւ աշխարհաքաղաքական աւելի մեծ մրցակցութեան մէկ մասն է»:

Նշենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը բրիտանական «Սթենա Իմփերօ» քարիւղատար նաւուն ուրբաթ օր Հորմուզի նեղուցին մէջ գրաւումէն տեսարաններ ցուցադրեց:

Բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ բրիտանական կառավարութիւնը մտադիր է Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկող բրիտանական քարիւղատար նաւ մը արգելանքի տակ առնելուն համար Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:

Օրաթերթը հաղորդեց, թէ կը նախատեսուի, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ յայտարարէ Իրանի դէմ շարք մը տնտեսական եւ դիւանագիտական քայլեր, որոնք կը ներառեն Լոնտոնի մէջ անոր հաշիւներու սառեցումը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան վրայ ճնշումի բանեցումը, որպէսզի վերականգնեն Իրանի դէմ պատժամիջոցները, որոնք վերցուած էին 2016-ին:

Բրիտանիոյ մէջ Իրանի դեսպան Համիտ Պահիտինաժետ զգուշացուց Լոնտոնը իր կարգ մը քաղաքական ուժերուն կողմէ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը նաւերու արգելանքի տակ առնելէն աւելի բարձր մակարդակի բարձրացնելու մտադրութենէն:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը ոչ իմաստուն ու վտանգաւոր քայլ մը պիտի ըլլայ` շեշտելով, որ Իրան հզօր է եւ պատրաստ տարբեր բեմագրութիւններու դիմակայման:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն «Բրիտանիոյ ականջին մէջ թոյն կը սրսկէ` փորձելով զայն ճահիճի մէջ ներքաշել»:

Ան նշեց, որ զգուշութիւնն ու իմաստութիւնը «միակ միջոցներ են այդ դաւերը ձախողութեան մատնելու»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտարարեց. «Յեղափոխական պահակագունդը հակադարձեց բրիտանական ծովահէնութեան»:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր գնահատանքը յայտնած է սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ իրանեան «Հափինես 1» քարիւղատար նաւուն դէմ հաստատուած արգելանքը ջնջելու քայլին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնած Օմանի ու Զուիցերիոյ` այդ քայլին իրագործման համար անոնց թափած ջանքերուն համար:

«Հափինես 1»-ը ապրիլի վերջաւորութեան խանգարուած էր եւ կանգնած Ժետտայի մէջ: Ըստ տեղեկութեանց, իրանեան նորոգութեան երկու նաւեր շաբաթ օր զայն տարած են դէպի իրանեան ջուրեր:

Նախորդը

Շաբաթ Օր Չաւուշօղլու-Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Ետք. Այսօր Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիի Մը Ստեղծման Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Յաջորդը

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ալճերիա Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Սենեկալի

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?