Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին, կարգ մը խումբեր կը մնան բաւական աշխուժ եւ իրենց կազմը կ՛օժտեն նորեկ ֆութպոլիստներով:
ՇԱՊԱՊ ՊԸՐԺ, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին բարձրացաւ Ա. դասակարգ, իր կազմին միացուց ճափոնցի 28 տարեկան միջնապահ-յառաջապահ Շութարու Հաթուրին:
Խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին` իրեն մրցակից ունենալով Սաֆան եւ Թրիփոլին:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ճափոնցի ֆութպոլիստին դիմաւորեց ակումբին ընդհանուր քարտուղարը` Ապտելնասեր Մալաքի:
Ֆութպոլիստը մասնակցած է Օմանի եւ Սլովաքիոյ ախոյեանութիւններուն:
ՊԸՐԺ ակումբի փոխնախագահ Սամիր Շամխա յայտարարեց, որ խումբին շուտով պիտի միանան պրազիլցի երկու ֆութպոլիստներ (յետսապահ եւ յառաջապահ):
Անոնցմէ մէկն է Ֆապիօ, որ նախապէս մաս կազմած է Անսարին, Ահտին եւ Նըժմէին:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, Շամխա յայտարարեց, որ ան շատ լաւ ֆութպոլիստ մըն է, որուն անունը պիտի յայտարարուի շուտով:
ՆԸԺՄԷ կը շարունակէ իր բանակցութիւնները իր կազմին միացնելու Շապապ Սահելի երկրորդ խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստ Մոհամետ Սալեմը:
Նշուեցաւ, որ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ եւ Շապապ Սահելի նախագահ Սամիր Տըպուք շուտով համաձայնութեան պիտի գան այս գծով:
ԱՀՏԻ մարզիչ Պասեմ Մարմար մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու երեքէն չորս յառաջապահներ` զօրացնելու համար իր յարձակողական գիծը:
Անոնց անուններուն մասին ոչինչ կը յայտարարուի, բայց անոնցմէ մէկուն մասին կը նշուի, որ ան 31 տարեկան է եւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է 29 միջազգային մրցում: