Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Այս առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս շնորհաւորած է Ֆրանսայի նախագահն ու վարչապետը:
Նախագահին ուղերձին մէջ նշուած է. «Ուրախութեամբ կը հաստատեմ, որ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ դարաւոր բարեկամական կապերը այսօր մեզի կարելիութիւն կու տան մեր երկիրներուն միջեւ ամրապնդել սերտ եւ իրաւամբ արտօնեալ փոխյարաբերութիւններ, երկկողմանի եւ բազմակողմ համագործակցութիւն` քաղաքական, տնտեսական, գիտական, մշակութային եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ բնագաւառներու մէջ:
«Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը աշխուժ են բոլոր մակարդակներուն վրայ` կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ, ի հարկէ, քաղաքացիներու միջեւ: Այդ կապերը ամուր խարսխուած են փոխըմբռնման, ֆրանսախօսութեան ընտանիքին մէջ իր հաստատուն տեղը գրաւելուն վերաբերող Հայաստանի վճռականութեան, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքին, Ֆրանսայի` Հայաստանի նկատմամբ ունեցած անկեղծ նուիրումին վրայ:
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս մեր երախտագիտութիւնը յայտնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ համամարդկային արժէքներուն հաւատարիմ մնալու Ֆրանսայի պետութեան եւ անձամբ ձեր յանձնառութեան համար»:
Վարչապետ Փաշինեան իր շնորհաւորագիրին մէջ նշած է. «Հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր պատմութիւն ունեցող բարեկամութիւնը եւ մեր պետութիւններուն միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնն ու փոխվստահութիւնը կայուն հիմք կը հանդիսանան հայ-ֆրանսական փոխգործակցութեան շարունակական զարգացման եւ խորացման համար»:
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր էր ապրիլի 24-ի ներառումը ֆրանսական հանրապետական օրացոյցին մէջ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր, որուն առիթով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է ան: «Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ միասին գործադրուող շարունակական ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Բարձր կը գնահատենք հայ-ֆրանսական սերտ համագործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ, որոնց կարգին` Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ: Ֆրանսան մնայուն կերպով աջակցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու յառաջմղման, եւ լիայոյս ենք, որ անիկա ապագային եւս կը շարունակուի: Այսօր, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնած է յաւակնոտ բարեփոխումներու գործընթացի, յատկապէս արդիական կը դառնայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգի իրականացման հարցին մէջ Ֆրանսայի աջակցութիւնը:
«Կրկին շնորհաւորելով ձեզ Ազգային տօնին առիթով` կը մաղթեմ մեծ յաջողութիւններ ձեր բարձր առաքելութեան մէջ` ի նպաստ Ֆրանսայի բարգաւաճման եւ ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդի հետագայ յառաջընթացի եւ բարօրութեան», շեշտած է վարչապետը:
Իսկ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփին ուղղուած նամակին մէջ Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, որ միացեալ ջանքերով պիտի շարունակեն ամրապնդել Հայաստանը եւ Ֆրանսան միաւորող առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները` թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափերով` ի շահ երկու ժողովուրդներուն:
«Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նոր հորիզոններ կը բանայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի` նոր որակի փոխգործակցութեան համար: Վստահ եմ, որ մեր երկիրները առաւելագոյնս կ՛օգտուին այս համաձայնագիրին ընձեռած կարելիութիւններէն», յայտնած է Փաշինեան: