Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նորվեկիոյ Սոմարոյ կղզին կ՛ուզէ ժամերը ջնջել:
Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունի վայր մը, ուր արեւը մար չի մտներ 69 օր անընդհատ: Ան Սոմարոյ կղզին է, որ կը գտնուի Եւրոպայի հիւսիսը, Նորվեկիոյ մէջ: 18 մայիսէն ի վեր արեւը անդադար կը լուսաւորէ անոր զօրութիւնը կախեալ է օրուան ժամէն:
Ան մար պիտի մտնէ միայն 26 յուլիսին: Այս լուսաւոր շրջանը կը յաջորդէ ուրիշ երկար խաւար շրջանի մը, որուն ընթացքին արեւը չէր երեւցած, նոյեմբերէն մինչեւ յունուար:
***
Նման երեւոյթ մը ինչպէ՞ս կարելի է: Երկրագունդը կը դառնայ թեք առանցքի մը վրայ: Իբրեւ հետեւանք` ան լուսաւորուած չ՛ըլլար իր ամբողջութեամբ եւ նոյն ձեւով: Ամրան արեւադարձի շրջանին ան արեւը անդադար կը լուսաւորէ Արքթիքայի բեւեռային շրջանները: Այս կղզին կը գտնուի այդ շրջանին մէջ:
***
Կղզիին 321 բնակիչներուն համար կեանքը կը փոխուի այս անվերջանալի օրերուն ընթացքին: Գիշերուան կէսերուն, այսինքն` մօտաւորապէս առտուան ժամը 2:00-ին, կարելի է տեսնել ֆութպոլ խաղցող պզտիկներ, մարդիկ, որոնք իրենց տունը կը ներկեն, խոտերը կը կտրեն, կամ` պատանիներ, որոնք կը լողան:
Այս պատճառով կղզիին բնակիչները կ՛ուզեն ժամային դրութիւնը ջնջուի իրենց կղզիին մէջ: Անոնք նոյնիսկ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցիչէն խնդրած են, որ ան պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացնէ:
Ծանօթ.- Արեւադարձին ընթացքին արեւը հասարակածէն ամէնէն հեռուն կը գտնուի:
Հետաքրքրական
Ռժուքան Նորվեկիոյ մէջ գտնուող քաղաք մըն է: Ան շրջապատուած է շատ բարձր լեռներով, որոնք արեւը կը պահեն սեպտեմբերէն մինչեւ մարտ: Համակարգիչներով բանող հսկայական հայելիներ հաստատուած են 400 մեթր բարձրութեան քաղաքին վրայ: Անոնք արեւուն լոյսը կը դարձնեն դէպի քաղաքին կեդրոնը:
Ինչո՞ւ 100 Վայրկեան Չկայ
Մէկ Ժամուան Մէջ
Որովհետեւ ժամանակը չափելու դրութեան մէջ մենք տակաւին կը հետեւինք Միջագետքի հին քաղաքակրթութիւններուն:
4000 տարի առաջ Եփրատի եւ Տիգրիսի գետերուն միջեւ, ներկայի Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքակրթութիւնները եղած են առաջին անձերէն, որոնք ունեցած եւ շատ զարգացած հաշուելու ձեւեր:
Սակայն անոնք չէին գործածեր մեր տասնորդական դրութիւնը (հիմնուած` 10-ի վրայ). անոնք կը գործածէին «60-ի հիմք»-ը: Ներկայիս մենք ունինք 10 թիւ` 0-9: 10-ին անցնելու համար մենք կը գործածենք 1-ը, զոր կը դնենք տասնեակներուն սիւնակին մէջ:
Միջագետքի ժողովուրդը ունէր նշաններու դրութիւն մը, որ անոնց կարելիութիւնը կու տար հաշուելու մինչեւ 59: Ապա անոնք 1-ի նշանը կը դնէին վաթսունեակներուն սիւնակին մէջ: Այս 60-ի հիմին վրայ հաշուելու ձեւը անոնց կը ծառայէր հաշուելու այծերը, հացահատիկներու տոպրակները… ինչպէս նաեւ` ժամանակը: Միջագետքի մէջ տարին կը բաղկանար 360 օրէ (այսինքն` 6 վաթսունեակներէ): Կ՛ենթադրուի նաեւ, որ շրջանակ մը 360 շերտերու բաժնելու մեր ձեւը այս միջագետքեան դրութենէն յառաջացած է: Շրջանակը մեզի կարելիութիւնը կու տայ նաեւ ներկայացնելու արեւու յառաջխաղացքը երկնքին մէջ… այսինքն` ժամը:
Ըստ Ք. Ա. 5-րդ դարուն ապրած յոյն պատմաբան Հերոդոտոսի, Միջագետքի ժողովուրդները օրը կը բաժնէին 12 շերտի (այսինքն` 2 ժամուան բաժիններու), սակայն նաեւ` 60 շերտի: Մենք այս դրութեան պիտի հանդիպինք հետագային Չինաստանի կամ Հնդկաստանի մէջ: Այդ ժամանակաշրջանէն ի վեր մենք անցած ենք 24 ժամ տեւող օրերու: Սակայն մենք այդ ժամերը կը բաժնենք 60 վայրկեանի եւ վայրկեանները` 60 երկվայրկեանի:
Նոյնիսկ եթէ ներկայիս տասնեակներու դրութիւնը կ՛իշխէ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ան չէ կրցած ինքզինք պարտադրել ժամերուն եւ շրջանակներուն անկիւններուն վրայ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Տասը տարուան հետազօտութիւններէ ետք ամերիկեան ընկերութիւն մը կրցած է շինել արեւու տան չհալող տուրմ:
– Մարդ արարածը մէկ օրուան ընթացքին կը շնչէ 26 հազար անգամ: Այս ձեւով անոր թոքերուն մէջէն կ՛անցնին 12 հազար լիթր օդ: Այս օդին մէջէն ան կ՛առնէ իրեն անհրաժեշտ թթուածինը եւ դուրս կը մղէ մարմնին արտադրած բնածխական կազը:
– Օձին լեզուն անոր կարելիութիւնը կու տայ իր որսերը գտնելու: Լեզուին միջոցով է, որ օձը կը զգայ անասուններուն ձգած քիմիական հետքերը գետնին վրայ, նաեւ` օդին կամ ջուրին մէջ:
– Աշխարհի ամէնէն երկար ուղիղ ճամբան կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ. մօտաւորապէս 150 քմ` առանց որեւէ դարձուածքի:
– Կատուազգիներու ընտանիքին պատկանող աշխարհի ամէնէն մեծ անասունը Սիպերիոյ վագրն է. անոր երկարութիւնը քիթին ծայրէն մինչեւ պոչին ծայրը կը հասնի 3,50 մեթրի:
– Խեցին ձայները կը ճոխացնէ ինչպէս կիթառի մը ներսի բաժինը: Երբ մենք խեցի մը մեր ականջին մօտ կը դնենք, մեր ականջին երակներուն մէջ շրջող արիւնին ձայնը կ՛արձագանգէ: Այս պատճառով է, որ մենք ծովուն ալիքներուն ձայնը լսելու տպաւորութիւնը կ՛ունենանք:
– Անգլիացի եւ սպանացի մասնագէտներ կամաւոր անձերու հրամցուցած են տարբեր գոյներով գաւաթներու մէջ դրուած խմուելիք տուրմ: Մեծամասնութիւնը նախընտրած է նարնջագոյն գաւաթներուն մէջի տուրմը:
– Արուսեակը արեւուն ամէնէն մօտ մոլորակն է. հետեւաբար ան ամէնէն տաքն է: Անոր մակերեսին ջերմաստիճանը մօտաւորապէս 500 աստիճան է:
– Բադին ձագը կրնայ լողալ իր ծնունդին օրն իսկ:
– Անգլիացի Լիզա Քուրթնին ունի Փոքեմոն խաղին վերաբերեալ փըլիւշներէ, խաղալիքներէ եւ ուրիշ առարկաներէ կազմուած աշխարհի ամէնէն մեծ հաւաքածոն: Ան ունի Փոքեմոնի վերաբերեալ 14.410 կտորներ:
– 2007 թուականին ամերիկացի աստղանաւորդ Սունի Ուիլիամզ իր նկարելու գործիքը կորսնցուցած է անջրպետին մէջ: Այդ թուականէն ի վեր այդ առարկան տակաւին կը շրջի մեր գլուխներուն վերեւ…
– Աշխարհի ամէնէն տաք ծովը Կարմիր ծովն է: Ան կը գտնուի Ասիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ, եւ անոր ջուրին տաքութիւնը, միջին հաշուով, 22 աստիճան է: Ամառը անոր մակերեսին տաքութիւնը կրնայ հասնիլ 34 աստիճանի:
Ժամանց


