Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարտահրաւէրներ Կը Դիմագրաւենք, Սակայն Անիկա Չի Նշանակեր, Թէ Անկարող Ենք Երկիրը Փրկելու» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

July 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ներկայ գտնուեցաւ Դրամատուներու միութեան նախկին նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի մեծարանքի յատուկ ձեռնարկին, որուն ընթացքին ան բարձր գնահատեց Թարապէյի ջանքերը` դրամատնային մարզի կայունութեան ամրապնդման մէջ:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ` հաստատելով սակայն, որ անիկա չի նշանակեր, թէ իրենք անկարող են երկիրը փրկել, «որովհետեւ տնտեսական ընթացքը սրբագրելու իմաստով մտային կարողութիւններ ունինք», ըսաւ ան:

Հարիրի բարձր գնահատեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ճիգերը` պաշտպանելու համար երկրին դրամական կայունութիւնը:

Այս առիթով հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրիի մտահոգութիւնը երկրին փրկութիւնն է, իսկ ոմանք զբաղած են քաղաքականութեան մէջ կէտեր արձանագրելով:

Իր խօսքին մէջ Թարապէյ շեշտեց, որ Լիբանանի ելեւմտական մարզը տագնապի մէջ է եւ կարիքը ունի սրբագրութիւններու:

Հանդիպում` Ֆըրզլիի Հետ

Վարչապետարանին մէջ Հարիրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի նշեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է Պեքաայի կարիքները, յատկապէս Տահըր Պայտարի միջազգային մայրուղիին վերաբերող հարցեր:

Ֆըրզլի հաստատեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը նախագահական բացառիկ համաձայնութիւնն է` աւելցնելով, որ Լիբանանը յուզող հարցերը պիտի աւարտին հաշտութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ղարիպ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Սլէյման Ֆրենժիէի

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Պթայշի

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.