Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Զուք Միքայէլ Ռիատի ակումբին յանձնեց արտօնագիր, որով վերջինս կը դառնայ օրինական եւ կը կարենայ կիրարկել պասքեթպոլի, թենիսի, ճատրակի, փինկ փոնկի, թեքուանտոյի եւ ժիւտոյի մարզաձեւերը` Լիբանանի ամբողջ տարածքին:
Նոր ակումբին նախագահն է Էլիաս Պըայնօ (Զուք Միքայէլի քաղաքապետ), իսկ անդամներն են` Անթուան Ֆաուազ, Էլիաս Տարուիշ, Միշել Ազիզ, Հապիպ Աուտէ, Էլի Զըղէյպ եւ Ժոզեֆ Քըմէյտ:
Իր բոլոր փորձերուն եւ մրցումներուն համար Զուք Միքայէլ Ռիատի ակումբին դաշտը պիտի ըլլայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը (Զուք Մոսպեհ):