Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ռասինկ ակումբին ընտրութիւնները կրնան պոյքոթի ենթարկուիլ ընդդիմադիր անդամներուն կողմէ, սակայն անոնք այդ քայլին կ՛ուզեն դիմել օրինական ձեւով:
Ռասինկի անդամներէն ոմանք դատական հայց ներկայացուցին պետական պատկան մարմիններուն` նշելով, որ ընտրութիւնները օրինական չեն, եւ իրենք կ՛ուզեն նոր ընտրութիւններու կայացում` 5 յուլիսին:
Անոնք յայտնեցին, որ ակումբին վերջին նիստին մանրամասն տեղեկագիրները չեն ստացած հետեւաբար ընտրութիւնները կը նկատեն ոչ օրինական:
Նշուեցաւ նաեւ, որ հակադիր կողմը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն հանդիպման ժամադրութիւն առած է` իր բողոքը ներկայացնելու համար: