Գերմանիա – Ռումանիա եւ Սպանիա – Ֆրանսա կիսաւարտականի մրցումներէն ետք յստակացան անունները այն երկու կազմերուն, որոնք իրարու դէմ պիտի մրցին Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական մրցումին:
Աւարտական մրցումը վաղը` կիրակի, 30 յունիսին, իրարու դէմ պիտի հանէ Գերմանիան եւ Սպանիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Գերմանիա 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ, մինչ Սպանիա իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆրանսայի հաշուոյն (4-1):
Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ մէջ: Աւարտականի մրցումը պիտի կատարուի Ուտինեզէի մէջ: