Անգլիոյ Սոֆի իշխանուհին անցեալ շաբաթներուն երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Լիբանան` բրիտանացի նախարար Թարեք Ահմատ Լորտ Ուիմպըլտընի հետ, որ Բրիտանիոյ վարչապետին անձնական ներկայացուցիչն է` տագնապալի շրջաններուն մէջ սեռային բռնութեան դէմ պայքարելու եւ տարածելու կրօններու ազատութեան գաղափարը:
Անգլիոյ իշխանուհին Լիբանանի մէջ ունեցաւ աշխատանքային առօրեայ մը, սակայն իր այցելութեան ընթացքին մասնակից դարձաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհիի տարեդարձին նուիրուած ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր Անգլիոյ դեսպանատան կողմէ, եւ որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պետական գրադարանին մէջ: Հոն ցուցադրուած էին այնպիսի նիւթեր, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնէին Լիբանանի եւ Անգլիոյ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի յարաբերութիւնները: Ներկայացուած էին նաեւ ձեռագործ աշխատանքներ, որոնք գտնուեցան Սայտայէն եւ բաւական հին էին:
Յատկանշական էր այն, որ թագուհիին տարեդարձին նուիրուած այս հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի, որոնք ներկայացուցին Լիբանանի եւ Անգլիոյ քայլերգները:
Իշխանուհին Անգլիոյ թագուհիին անունով խօսք առաւ տարեդարձի ընդունելութեան ընթացքին եւ նշեց, որ Լիբանան յատկանշական դիրք կը գրաւէ` իր այլազանութեամբ, կանգուն մնալու կորովով եւ լայնասրտութեամբ: Ան շեշտեց, որ կը հաւատայ, թէ Լիբանանի եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները զօրաւոր կը մնան ապագային եւ` շատ երկար տարիներ:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին իշխանուհին անակնկալօրէն մօտեցաւ Համազգայինի երգչախումբերու անդամներուն եւ նշեց, որ տպաւորուած է անոնց ելոյթէն, զրուցեց անոնց հետ ու հաւաքական նկար մը առին միասին:
Անդրադառնալով իշխանուհիին Լիբանան եւ յատկապէս Միջին Արեւելք կատարած այցելութեան` այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անոր հիմնական նպատակն է` ընկերութեան մէջ կնոջ դերակատարութիւնը ամրապնդելու աշխատանք տանիլ, ներողամտութեան մշակոյթը տարածել, սեռային բռնութիւններուն դէմ պայքարիլ, յատկապէս` այն շրջաններուն մէջ, ուր պատերազմական վիճակ կը տիրէ: Ան իր այցելութեան մեծ մասը յատկացուց այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն կիներու եւ որբ երեխաներու: Իշխանուհին տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Անգլիոյ ընկերային փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Անգլիոյ իշխանուհին այցելեց Լիբանանի տարբեր շրջաններ, որոնցմէ` Պեքաա եւ Պայսուր: Պեքաայի մէջ ան յատուկ հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցաւ լիբանանցի եւ Սուրիայէն Լիբանան եկած գաղթական կիներու հետ, ծանօթացաւ անոնց առօրեային, դժուարութիւններուն, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային այն հաստատութիւններուն, որոնք կ՛օժանդակեն տուեալ շրջաններուն մէջ ապրողներու վիճակի բարելաւման, յատկապէս` սնունդ եւ հիմնական իրեր տրամադրելով: Իշխանուհին մասնակցեցաւ նաեւ քննարկման մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը միտին իգական սեռին աջակցելու եւ անոր ձայնը լսելի դարձնելու լիբանանեան եւ արաբական աշխարհին մէջ: Այս քննարկման իբրեւ գործնական բաժին` ան նաեւ այցելեց ապաստանարաններ, որոնց նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի «Քարիթաս»-ի հաստատութիւնը: Ան զրուցեց կիներու հետ, որոնք պայքարած են զանազան տեսակի խոչընդոտներու դէմ, նաեւ անոնց խորհուրդ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ձգտիլ արդարութեան եւ մարդկային հաւասարութեան: