Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 19, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի Անդամները Հանդիպում Ունեցան ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿ-ի Ներկայացուցիչին Եւ Բարերարներու Հետ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, ԿԿ-ի անդամ Վահրամ Բալայեանը եւ ՀՅԴ-ի անդամ Արմէն Սարգսեանը 8 յունիսին հանդիպում  ունեցան ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանի, «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախ մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Միրզոյեանի եւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ կառուցուած մարզադաշտի հովանաւոր Արա Մելքոնեանի ու անոր հարազատներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հետագայ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Գիւմրիի Մէջ Մասնակցեցաւ Իտալական Ցուցահանդէսի Բացման

Գիւմրի կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան երեքշաբթի, 11 յունիսին ներկայ եղաւ «Սթայլ» պատկերասրահին մէջ «Իտալիա. (Ան)տեսանելի պատմուածքներ» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայ եւ իտալացի ժամանակակից արուեստագէտներու գործեր:

Ցուցահանդէսին բացման ներկայ եղան նաեւ` Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքօ, Գիւմրի ժամանած իտալացի գործարարներ, Գիւմրիի արուեստասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

Նախագահը նշեց, որ ուրախ է արուեստի եւ մշակոյթի մայրաքաղաք Գիւմրիի մէջ ներկայ գտնուելու նման ցուցահանդէսի բացման:

«Կրկնակի ուրախ եմ, որովհետեւ մեզ հետ այսօր ոչ միայն դեսպանն է եւ մեր գործընկերները, այլեւ Իտալիայից այսօրուայ առիթով այստեղ եկած շինարարական, ճարտարապետական ընկերութիւնների ներկայացուցչական խումբը: Նրանք եկել են Գիւմրի, որպէսզի ծանօթանան Գիւմրիին: Իտալացիները լաւագոյնս են գնահատում մշակոյթը, արուեստը, մշակութային ժառանգութիւնն ու հին ճարտարապետութիւնը: Այս այցելութիւնը զուտ ճանաչողական չէ: Առաջինն է, բայց վերջինը չի լինելու: Մեր նպատակն է, որ այս գործընկերները ճանաչելով Գիւմրին` մասնակցեն դրա մշակութային, ճարտարապետական արժէքների վերականգնմանը», ըսաւ նախագահը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին եւ կազմակերպիչներուն` հետաքրքրական ցուցահանդէսի բացման առիթով:

«Այն իսկապէս եւրոպական ցուցահանդէս է հայկական մշակոյթի մայրաքաղաք Գիւմրիում: Թոյլ տուէք իմ խորին երախտագիտութիւնը յայտնել Իտալիայի կառավարութեանը եւ իմ գործընկերոջն ու լաւ բարեկամին` նախագահ Մատարելլային: Յոյս ունեմ, որ մէկ ուրիշ առիթով նախագահը կրկին կ՛այցելի Հայաստան եւ միասին կը գանք Գիւմրի` տեսնելու մեր համագործակցութեան արդիւնքները», իր խօսքը եզրափակեց նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Քաթարցի Գործարարները Հայաստանի Նախագահին Հրաւէրով Պիտի Ուսումնասիրեն Հայաստանի Ներդրումային Կարելիութիւնները

Քաթարցի գործարարներ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով կը նախատեսեն յառաջիկայ տարի այցելել Հայաստան` երկրին ներդրումային կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:

«Արմէնփրես»-ը վկայակոչելով www.gulf-times-ը` կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնեց Քաթարի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի խորհուրդի անդամ Մոհամետ պըն Ահմատ Օպայիտլին:

Օպայիտլին, որ «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ, նշեց, որ Հայաստանի նախագահը շահագրգռուած է իր երկրին մէջ նոր ներդրումներ ներգրաւելու հարցով: «Հայաստանի նախագահը քաթարցի գործարարներուն կոչ ըրաւ` ուսումնասիրելու իր երկրի ներդրումային կարելութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին հայկական եւ քաթարեան մասնաւոր եւ գործարար ոլորտներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելուն վերաբերեալ հարցեր:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատեց Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները եւ փափաք յայտնեց յարաբերութիւնները ամրապնդելու բոլոր ոլորտներուն մէջ ու յատկապէս` առեւտուրի եւ տնտեսութեան:

Քաթարի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի խորհուրդի անդամը յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի ներդրումային միջավայրը գրաւիչ է: «Մենք քննարկեցինք նաեւ Քաթարի եւ Հայաստանի մասնաւոր հատուածներուն միջեւ համագործակցութեան տեսակէտները, յատկապէս` սննդամթերքի անվտանգութեան ուղղութեամբ», եզրակացուց Օպայիտլին:

 Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը 11 յունիսին ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ քլապ» ուսանողական ակումբին անդամները` համալսարանի ուսանողական գրասենեակի տնօրէն Ռազմիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները` Մասիս Մայիլեանը գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ 2018-ին հաստատուած եւ լաւ կերպով զարգացող համագործակցութեան համար: Նախարարը նշեց փոխշահաւէտ համագործակցութեան պահպանման եւ անոր հետագայ խորացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Մայիլեանը պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ համահայկական նշանակութեան հարցերու առաջմղման գործին մէջ սփիւռքի դերին:

Հայկազեան համալսարանի ուսանողները Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գրադարանին նուիրեցին պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան վերաբերող գիրքեր:

Հայկազեանի ուսանողները մէկ օր առաջ երկուշաբթի, 10 յունիսին հիւրընկալուած էին Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի կողմէ:

 «Կոմիտաս Դանիէլեանը Արժանաւոր Գրող Էր Եւ Մտաւորական». Արցախի Հանրապետութեան Գրողներու Միութեան Նախագահ

Յունիս 11-ին 72 տարեկանին կեանքէն հեռացեր է Արցախի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան անդամ, սիրուած ու ճանչցուած արձակագիր Կոմիտաս Դանիէլեանը:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը ըսած է, որ   Արցախի գրական ընտանիքը մեծ ցաւ ապրեցաւ` լսելով Կոմիտաս Դանիէլեանի մահուան գուժը: Կ. Դանէլեանը արժանաւոր գրող էր եւ մտաւորական:

Վ. Յակոբեանի խօսքով, Կ. Դանիէլեանը ունէր իր  ուրոյն ձեռագիրը, մտածողութիւնը, ոճը, որ  ստեղծած է տարիներու ընթացքին. կարողացած էր իր ընթերցողին փոխանցել ըսելիքը: Ապրած բոլոր տարիներու ընթացքին գրողը կրցած է ստեղծել  իր  հոգեւոր աշխարհը: Աւա՜ղ, շուտ ընդհատուեցաւ Կ. Դանիէլեանի երկրային կեանքը:

«Որպէս մարդ` ինքնատիպ  էր եւ ունէր ուրոյն  դիմագիծ: Ես նրան ճանաչել եմ պատանի  տարիքից: Մենք մեր ուսանողական տարիներն  անց  ենք  կացրել միասին: Այդ տարիներին նա աշխուժ  կերպով ստեղծագործում էր, որն էլ հիմք   հանդիսացաւ մեր մտերմութեանը: Կոմիտասն  արցախեան շարժման աշխուժ մասնակիցներից էր, նա միշտ կանգնած էր առաջին շարքերում: Մենք  միասին մասնակցում էինք ցոյցերի ու  հանդիպումների, քարոզների, այցելում էինք  շրջաններ: Որտեղ նա աշխատել է, իրեն դրսեւորել  է որպէս ազնիւ մտաւորական, ամէնուր Կ. Դանիէլեանի ներքին համեստութիւնը զարդարել է  նրան: Նա աշխատում էր նուիրումով, ազնիւ էր եւ  զուսպ: Աւագ որդու` Նարեկի ողբերգական  ճակատագիրը նրան դարձրել է ինքնամփոփ: Մենք`  գրական ընտանիքի անդամները միշտ   ուշադրութեան կեդրոնում էինք պահում նրան`  փորձելով  ինչ-որ ձեւով սփոփել նրա ծանր ցաւը», մասնաւորապէս ըսած է Վ. Յակոբեանը` նշելով, որ   Արցախի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան  կողմէ ան արժանացած է Եղիշէի անուան մրցանակի:

Ան ընդգծած է, որ Կ. Դանիէլեանը իր ստեղծած  գեղեցիկ  ընտանիքով  եւ կերտած մնայուն  կերպարներով  ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ  վառ կը մնայ:

Նշենք, որ Կոմիտաս Արսէն Դանիէլեանը ծնած է 1947 թուականի սեպտեմբեր 7-ին, Արցախի Մարտունիի շրջանի Նորշէն գիւղը:

Աւելի քան երեք տասնամեակ զբաղած է լրագրական-խմբագրական աշխատանքով: Մասնաւորաբար եղած է Ասկերանի շրջանային «Կարմիր Դրօշ» (ապա` «Խաչէն») (1979-1991), Արցախի Գրողների միութեան «Եղիցի լոյս» (1995), ԼՂՀ կրթութեան նախարարութեան «Լուսարար» (2001-2002), Արցախի ազատամարտիկներու միութեան «Հայրենեաց Պաշտպան» (2000-2006) թերթերու հիմնադիր խմբագիրը: Արցախեան պատերազմի թերեւս ամենաթէժ ժամանակաշրջանին` 1993-1994 թուականներուն խմբագրած է հանրապետական «Արցախ» (այժմ` «Ազատ Արցախ») թերթը:

2006 սեպտեմբերէն Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական  թատրոնի տնօրէնն է:

Գրական ու հասարակական աշխուժ գործունէութեան համար պարգևատրուած է Արցախի Հանրապետութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» եւ «Մայրական երախտագիտութիւն` Արցախի քաջորդիներին» մետալներով:

Կոմիտաս Դանիէլեանը 5 զաւակներու հայր էր:

 «Ոսկէ Ծիրան»-ը Պիտի Սկսի 7 Յուլիսին

Ամրան ընթացքին հայաստանեան մշակութային կեանքը պիտի աշխուժանայ սպասուած եւ նշանաւոր իրադարձութեամբ մը. 7 յուլիսին պիտի սկսի 16-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը: Ըստ «ՓանԱրմինիըն»-ի, Հայաստանի մէջ սիրուած եւ նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս լայն ճանաչում գտած այս բացառիկ փառատօնին սկիզբը 12 յունիսին ազդարարեցին «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ու փառատօնի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը:

Համատեղ մամուլի ասուլիսին ընթացքին կազմակերպիչները լրագրողներուն ներկայացուցին փառատօնին այս տարուան պաշտօնական խորհրդանշանը, ինչպէս նաեւ` անդրադարձան սպասուող ձեռնարկներուն:

«Այս տարի փառատօնը ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու, որովհետեւ փոխուած է փառատօնին ղեկավար կազմը: Փառատօնի կազմը համալրած են երիտասարդներ, որոնք մեծ պատասխանատուութեամբ կը պատրաստուին 16-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ին եւ կ՛ընեն ամէն ինչ` զայն իսկապէս տօն դարձնելու համար: Փոփոխութիւններ եղած են նաեւ գերատեսչութիւններու մէջ. տեղի ունեցած է նախարարութիւններու միաւորում, եւ այսուհետեւ մենք պիտի համագործակցինք կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ: Չէ փոխուած մեր գլխաւոր գործընկերը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը: Ընկերութիւնը արուեստի, յատկապէս շարժապատկերի եւ «Ոսկէ ծիրան»-ի նուիրեալներէն է, որուն համար մենք շատ ուրախ ենք եւ շատ շնորհակալ` մեր փառատօնի լաւագոյն բարեկամին», իր խօսքին մէջ ընդգծեց «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը մեծ կարեւորութիւն կու տայ մշակութային կեանքին, մասնաւորապէս` ազգային շարժապատկերի ոլորտին, Հայաստանի մէջ անոր աշխուժացման ու զարգացման: Տարիներ շարունակ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին միջոցով մեր ընկերութիւնը կանգնած է շարժապատկերի գործիչներու կողքին: Շարժապատկերի արուեստի զարգացման կարեւոր խթան ըլլալուն կողքին, փառատօնը հսկայական աշխատանք կը տանի աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստանը իբրեւ հարուստ մշակոյթ ունեցող երկիր ներկայացնելու գործին մէջ», յայտնեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Միջազգային փառատօնը աշխարհի զանազան երկիրներէ ստացած է առաւել քան 740 թեկնածու ժապաւէններ, նաեւ ընտրուած են շարք մը շարժապատկերներ աշխարհի հեղինակաւոր փառատօներէն` Քաննէն, Պերլինէն եւ Ռոթերտամէն:

Փառատօնը պիտի ունենայ միջազգային երկար (խաղարկային եւ վաւերագրական), ինչպէս նաեւ կարճ ժապաւէններու տարածաշրջանային մրցումներ, իսկ արտամրցութային ծրագիրը պիտի ներառէ «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» մրցումը: Մնացած ծրագիրները ոչմրցութային են. անոնք են` «Երեւանեան փրեմիերաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք»:

«Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի ունի նաեւ նոր տարբերանշան, որ կ՛արտայայտէ փառատօնի նոր կազմին ինքնատիպ մօտեցումը 16-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցող իրադարձութեան: Անիկա կը ներկայացնէ հայերէն «Ծ» տառը: Այդ տառին միջոցով նշանակին (logo) հեղինակը փորձած է ստանալ փառատօնին խորհրդանիշ համարուող ծիրանը:

Օդային Ուղեւորահոսքը Աճած Է 8,7 Տոկոսով

Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է 1.038.617 ճամբորդ, որ 8,7 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:

«Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ մայիս 2019-ին երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է 243.016 ճամբորդ` 2018-ի նոյն ամսուան ցուցանիշէն 11,7 տոկոսով աւելի:

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախեան Հիմնահարցը` Առանցքային

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?