«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Կոլտըն Սթէյթ – Ուորիըրզի մարզիկ Քեւին Տիւրանթ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան:
Ան վիրաւորուած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին` երբ անոր կազմը այդ մրցումին 106-105 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ:
Անոր ապաքինման ժամանակը պիտի ըլլայ 7-էն 10 ամիս, յայտնեցին բժիշկները: