Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Ունեցաւ Մտերմիկ Եւ Դրական Հանդիպում Մը

Յունիս 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական ծանր իրավիճակ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած է արագացնել կառավարութեան աշխատանքները, որպէսզի կարենայ պահանջուած նուաճումները իրականացնել:

Ան հաստատեց, որ տեղեկատուական մարզին ընդմէջէն հնչող խօսքերը պէտք է վերջ գտնեն` մաղթելով, որ տեղեկատուութեան մարզն ու լրատուամիջոցները կ՛օժանդակեն քաղաքական անձնաւորութիւններուն այդ առաքելութիւնը յաջողցնելու նպատակով:

Հարիրի ըսաւ, թէ քաղաքական բոլոր ուժերը 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելով պատմական ամավարկ մը իրագործած են` աւելցնելով, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ երէկ ունեցած է կողմնակի խօսակցութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատուած է խորհրդարանին կողմէ ամավարկին վաւերացումը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը եղած է մտերմիկ եւ դրական` նշելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը պիտի գումարէ իր նիստը:

«Իմ եւ նախագահ Աունի համար արդիւնքներն են կարեւորը: Նախագահ Աունի հետ յարաբերութիւնս մտերմիկ է, եւ մեզի համար ամէնէն կարեւորը գործնական եւ շօշափելի արդիւնքներու իրականացումն է` ապահովելու համար քաղաքացիներուն շահերը», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Վճռադատ Ատեանի Հիմնադրութեան 100-ամեակ

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան նախագահեց Վճռադատ ատեանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դատաւորներ, կարգ մը երկիրներու վճռադատ ատեաններու դատաւորներ, յատկապէս արաբական եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու:

Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատաւորին անկախութիւնը ոչ մէկ ղեկավարի կողմէ տրամադրուած բարիք մըն է, այլ` իրաւունք, եթէ մենք ուզենք պարկեշտ դատաւորներ եւ բացարձակ արդարութիւն ունենալ:

 

Նախորդը

Սաթըրֆիլտ Վերադարձաւ Լիբանան` Շարունակելու Համար Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Հոլանտա Դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Էրտողանի Քայլը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?