Լիբանանցի գործարար Նիզար Զաքքա, որ Միացեալ Նահանգներու ի նպաստ Իրանի մէջ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ 2015-ին եւ 2016-ին ստացած 10 տարուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ 4,2 միլիոն տոլար տուգանք վճարելու վճիռ, երէկ արժանացաւ յատուկ ներման, ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ Պէյրութ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Իրանի իշխանութիւններէն` յանձին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն անոր խնդրանքը, որ Զաքքային յատուկ ներում շնորհուի, ընդառաջումի արժանացաւ եւ անոր հիման վրայ 3 տարի եւ 8 ամիս արգելափակուելէ ետք, Զաքքա վերադարձաւ Պէյրութ:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախագահ Աունի կողմէ նշանակուած էր հսկելու Զաքքայի ազատ արձակման հոլովոյթին եւ անոր Պէյրութ վերադարձին:
Իպրահիմ Իրանի մէջ ունեցած էր շարք մը հանդիպումներ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ եւ ի վերջոյ դիմաւորած ազատ արձակուած լիբանանցի քաղաքացին ու անոր հետ վերադարձած Պէյրութ:
Կէսօրէ ետք Ապպաս Իպրահիմ եւ Նիզար Զաքքա հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ անոնք ուղղուեցան Պաապտա:
Նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աուն եւ Զաքքայի հարազատները դիմաւորեցին զայն:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց Նիզար Զաքքան, որ իբրեւ ազատ մարդ արարած վերադարձած է իր հայրենիքը` Լիբանան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի նախագահին, որ ընդառաջեց իր խնդրանքին:
Հանդիպումէն ետք Զաքքա յայտնեց, որ զինք ազատ արձակելու նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է Լիբանանէն եւ կ՛աւարտի Լիբանանի մէջ:
Ան հաստատեց, որ ինք ոչ ոքի վնաս հասցուցած է եւ կը մնայ այն նոյն անհատը, որ էր նախքան արգելափակումը, բանտարկութեան տարիներուն ընթացքին եւ հիմա` ազատ արձակուելէ ետք:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին եւ ճիգ թափեցին իր ազատ արձակումին համար:
Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Նիզար Զաքքայի ազատ արձակումը այս կամ այն թղթածրարին կամ հարցին չէ առնչուած:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Զաքքայի ազատ արձակումը արդիւնք էր նախագահ Աունի կողմէ նախագահ Ռուհանիի յղուած նամակին:
Իրանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Զաքքայի ստացած ներման եւ ազատ արձակումին մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Զաքքա ազատ արձակուած է հիմնուելով նախագահ Աունի խնդրանքին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջամտութեան վրայ: «Իրան այս որոշումը տուած է նպատակ ունենալով լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ ողջունեցին եւ բարձր գնահատեցին նախագահ Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ճիգերը` Նիզար Զաքքան ազատ արձակելու առնչութեամբ:
Նշենք, որ երեկոյեան Նիզար Զաքքա այցելեց վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:
Ան դրուատեց վարչապետ Հարիրիի ջանքերը` զինք ազատ արձակելու իմաստով` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան վերադարձած է իբրեւ անպարտ հռչակուած ազատ քաղաքացի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք սէյիտ Նասրալլային շնորհակալութիւն կը յայտնէ՞ իր ազատ արձակումին համար, Զաքքա նշեց, որ ինք լիբանանեան պետութեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որովհետեւ ամբողջ պետութիւնը օժանդակեց զինք ազատ արձակելու:
Աւելի ուշ հարցազրոյցի մը ընթացքին Զաքքա շեշտեց, որ ինք Իրանի յեղափոխական պահակագունդին մօտ պատանդ եղած է եւ դժուար պայմաններ անցուցած ու տառապած:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լոնտոն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զաքքայի հետ եւ շնորհաւորեց անոր ազատ արձակումն ու հայրենիք վերադարձը: