Նախորդ շաբաթավերջին Մարսէյէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջերկրականեան խաղերուն:
Լիբանանէն բացի, այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յունաստան, Իտալիա, Պուլկարիա, Սպանիա, Եգիպտոս եւ բնականաբար Ֆրանսա:
Լիբանանցի մարզիկները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 14 մետալի:
Սանտայի մրցումներուն, Լիբանան տիրացաւ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, իսկ թաու-լուի մրցումներուն` մէկ ոսկի, 4 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներու:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր դասաւորման Լիբանան գրաւեց 4-րդ դիրքը, մինչ Ֆրանսա` առաջին դիրքը:
Սանտայի մրցումներուն, լիբանանցի Ժորժ Սաատէ ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիկը: