Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Թել Ռիֆաաթ գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յարձակում գործած են Աֆրինի «Ձիթենիի ճիւղ» շրջանին մէջ գտնուող թրքական բանակի ռազմակայանի մը դէմ. իբրեւ հետեւանք սպաննուած է թուրք զինուոր մը եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած: Թրքական բանակը հրետանիով հակադարձած է ջոկատներու դիրքերուն:
Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց. «Թուրք եւ ռուս պաշտօնատարներ կը քննարկեն սուրիական սահմանային Թել Ռիֆաաթ շրջանին մէջ իրենց ուժերու վերադասաւորումը: Համաձայնութիւնը այսքանով (Թել Ռիֆաաթով «Ա.») պիտի բաւարարուէր, սակայն եթէ այս յարձակումները շարունակուին, ապա կրնայ այլ ձեւ ստանալ»: