Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Շիրակի մարզի Սպանդարեան համայնքին մէջ բացումը կատարեց իր հօրը` Երեւանի Արարատի նախկին խաղացող Համլեթ Մխիթարեանի անունը կրող ֆութպոլի մարզադաշտին:
Այս մարզադաշտի բացումին նախաձեռնողն էր Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան, որուն ծննդավայրն է Սպանդարեանը:
«Շատ շնորհակալ եմ բոլորին, շնորհակալ եմ, որ կը յիշէք հայրս եւ անոր խաղը: Յոյս ունիմ, որ այստեղ տեղի կ՛ունենան արհեստավարժ մրցումներ, եւ մարզը կ՛ըլլայ մարզական միջոցառումներու վայր մը: Կը կարծեմ, որ այս մարզադաշտէն լաւ ֆութպոլիստներ դուրս պիտի գան», ըսաւ Մխիթարեան:
Սպանդարեան համայնքի ղեկավար Աւետիք Մխիթարեան նշեց, որ մարզադաշտին բացումը որոշուեցաւ կատարել Հենրիխ Մխիթարեանի Հայաստան գտնուած ժամանակամիջոցին:
Իսկ Ֆարմանեան ըսաւ, որ. «Թէեւ այս մարզադաշտին բացումը այդքան ալ մեծ իրադարձութիւն մը չի նկատուիր, սակայն անիկա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ համայնքի երեխաներուն աւելի մեծ ոգեւորութեամբ մարզուելու»:
Նշենք, որ մարզադաշտը վերանորոգուած է պետական պիւտճէի միջոցներով: Անոր համար ծախսուեցաւ 37 միլիոն դրամ: