2-14 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի 18 տարեկանէն վար միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը:
Խումբը կը գլխաւորէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան, որուն ընտրած ֆութպոլիստներէն շատերը ամրան կը մասնակցին Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Արժանթինը, Իրանը եւ Ռուսիան (2-րդ հաւաքականը):