«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը եւ 4-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը հանդիսացաւ այս շրջանի ախոյեան:
Այժմ անիկա պիտի սպասէ արեւելեան շրջանի ախոյեանին անունը, որպէսզի անոնց միջեւ տեղի ունենան աւարտական վերջին հանգրուանի ճակատումները` յստակացնելու համար նոր ախոյեանին անունը:
Արեւելեան շրջանի աւարտականին, այժմ Միլուոքի Պաքս, 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Թորոնթօ Ռեփթըրզը:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան չորրորդ ճակատումին, Ուորիըրզ իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք եւ քիչ մը դժուարութեամբ` 119-117 արդիւնքով:
Ուորիըրզէն երկու մարզիկներ թրիփըլ-տապըլ իրագործեցին: Առաջինը հանդիսացաւ Սթեֆըն Քարի (37 կէտ, 13 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), մինչ երկրորդը` Տրէյմընտ Կրին (18 կէտ, 14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Պլէյզըրզէն ամէնէն շատ կէտը (30) նշանակեց Մեյըրս Լէոնարտ: