Օլուէյզ Ռետի – Օրիենթէ Փեթրոլերօ մրցումին, որ կ՛իյնայ Պոլիվիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Վիքթոր Հիւկօ Հուրթատօ (32 տարեկան), անակնկալօրէն գետին իյնալով (47-րդ վայրկեանին) մահացաւ:
Երկու խումբերուն բժիշկները չկրցան փրկել անոր կեանքը:
Ան անգիտակից վիճակի մէջ փոխադրուելով հիւանդանոց` մահացաւ:
Այս մրցումը կիսատ չմնաց, որովհետեւ պահեստի իրաւարարը փոխարինեց յանկարծամահ եղած իր գործընկերը:
Դաշտին տէրերը արձանագրեցին 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պոլիվիոյ նախագահ Էվօ Մորալես ցաւակցութիւն յայտնելով նշեց, որ իրաւարարին մահը սուգի օր մը եղաւ Պոլիվիոյ ֆութպոլին համար: