ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեր լաւագոյնը պիտի տաք ձեր գործին մէջ: Ձեր գործի պատասխանատուները պիտի հիանան ձեր կարողութիւններուն վրայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մեղմացուցէք մթնոլորտը: Ճկուն եղէք, եթէ կ՛ուզէք հասնիլ արդիւնքի եւ լուծումի: Պէտք ունիք վարչական գործերու հետապնդման: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մթնոլորտը ծանր է: Մի՛ ջղայնանաք եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ զայրացնեն: Հանդարտ մնացէք: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին: Տնային գործերով պիտի զբաղիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աշխուժացուցէք ձեր արտաքին յարաբերութիւնները` ձեր աշխատանքային միջավայրին հետ: Լաւ դասաւորեցէք ձեր գործերը: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը, այլ աւելցուցէք աշխատանքային ժամերը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի բարելաւուի ձեր տրամադրութիւնը: Ձեր հոգերը եւ նեղութիւնները պիտի վերանան: Ձեր գաղտնիքներէն մէկը պիտի բացայայտուի: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները, որքան ալ անոնք սխալներ գործեն: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր զաւակներուն: Ներողամիտ աչքով նայեցէք բոլոր անոնց, որոնք նեղացուցած են ձեզ անցեալին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Աշխուժ շրջան մըն է` աշխատանքային եւ ընկերային առումներով: Կարելի է լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն` հանդարտ զրոյցներով եւ քննարկումներով: Վստահեցէք միայն ձեր ուժին եւ կարողութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Որոշ գումար մը պիտի տրամադրէք տնային նորոգութիւններուն համար: Հարկ է բոլոր մանրամասնութիւնները սերտէք այն պայմանագրին, որ պիտի ստորագրէք յառաջիկայ օրերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան ամէնէն լաւ օրերէն մէկն է: Ուրախ լուր մը ձեզ անակնկալի պիտի բերէ: Բախտը ձեզի պիտի ժպտի, եւ ձեր հարցերը պիտի լուծուին: Ժամանակն է գործադրելու ձեր մէկ ծրագիրը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առիթը օգտագործեցէք` դրականապէս լիցքաւորուելու: Այս օրերուն մի՛ սկսիք նոր աշխատանքի, որպէսզի չյուսահատիք: Հարցերու մէջ մի՛ մտնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրական անձ մը եղէք ձեր միջավայրին մէջ: Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք: Նիւթական պարտաւորութիւններ պիտի ունենաք: Գործի աւելի լաւ առիթ մը ձեռք պիտի ձգէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ յամառիք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր տեսակէտին վրայ, որքան ալ շատնան ճնշումները: Արդարացուցէք ձեր գործը եւ ցոյց տուէք ձեր վարպետութիւնը: Ձեր տրամադրութիւնը փոփոխական է, բայց ընդհանուր մթնոլորտը` դրական ու բարի: