Պարսելոնայի մարզիչ Էրնեսթօ Վալվերտէ շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին աւարտէն ետք չկորսնցնէ իր պաշտօնը` որոշ պայմանով:
Մարքա կը յայտնէ, որ վերջերս ան հանդիպած է ակումբին ղեկավարութեան հետ եւ ստացած անոր աջակցութիւնը:
Այդ որոշումը կրնայ փոխուիլ եթէ Պարսելոնա Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին չկարենայ յաղթել Վալենսիային:
Հետեւաբար, ըստ Մարքայի, եթէ Վալվերտէ կ՛ուզէ` մնալ քաթալոնիական ակումբին մարզիչը, պէտք է տիրանայ վերոնշեալ բաժակի մրցաշարքին տիտղոսին: