Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի: