Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հիւանդանոցներու Պատկերը

Մայիս 15, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

20-րդ դարու վերջաւորութեան Պէյրութը ծանօթ էր իբրեւ արաբական աշխարհի հիւանդանոցային սպասարկութեան ռահվիրան:

21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր Լիբանանի հիւանդանոցներու բժշկական սարքերու եւ ծառայութեան մակարդակի բարձրացումը մեծ ոստում արձանագրեց:

Իւրաքանչիւր հազար քաղաքացիի 4 բժիշկ կը ծառայէ, թիւերը այդ ցոյց կու տան:

Լիբանանի հիւանդանոցային սպասարկութեան 90 տոկոսը անձնական է, իսկ 10 տոկոսը` պետական:

Անձնական հիւանդանոցներու մուտքերը չորս տեղերէ են.

Ա.- Պետական ծածկոյթ (ուիզարա),
Բ.- Ընկերային ապահովութեան սնտուկ (տաման),
Գ.- Ապահովագրութեան ընկերութիւններ եւ առողջապահական սնտուկներ (Ինշուրընս քոմփընիզ),
Դ.- Անձնական (փրայվըթ):

Լիբանանի բժշկական խնամքը լաւ ցուցանիշ մըն է Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ: Այսինքն երկար ապրելու իմաստով, եթէ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ  միջին տարիքը 80 է, Լիբանանի մէջ 74 է, իսկ Հայաստանի մէջ` 68:

Փաստօրէն, Լիբանանի բժշկական եւ հիւանդանոցային ծառայութիւնները մասնագիտական եւ լաւ մակարդակ մը ունենալով հանդերձ, միշտ ալ այս գծով դժգոհութիւններ կ՛արձանագրուին: Լիբանանի մէջ ակնյայտ է նաեւ այն, որ վերջին տարիներուն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, գաղթականներու հոսքը հիւանդանոցներու ծառայութեան եւ ֆիզիքական տեղի իմաստով, բաւական դժուարութիւններ յառաջացուց:

Լիբանանի հիւանդանոցներու անկողիններու թիւի պատկեր – 2018

Անձնական հիւանդանոցՊետական հիւանդանոց
Պէյրութ196019,934620,5
Պեքաա147214,4124014,22
Լեռնալիբանան375636,7738122,57
Հարաւ157815,4522413,27
Հիւսիս144814,1849729,44
———-———-———-———-
10.2141001688100

Լիբանանի հիւանդանոցներու 2018-ի հիւանդներու թիւը

Անձնական հիւանդանոցՊետական հիւանդանոց
Պէյրութ11177518,291327415,25
Պեքաա8776614,3665647,54
Լեռնալիբանան20768333,881726819,84
Հարաւ10135416,581616518,57
Հիւսիս10319316,883376638,79
———-———-———-———-
61117310087037100

Լիբանանի հիւանդանոցային սպասարկութեան թղթածրարը իր բարդ կառուցուածքով եւ քաղաքականացուած անակնկալներով միշտ ալ տագնապի վիճակի մէջ է:

Հակառակ հիւանդանոցներու թիւի բազմացման կամ գոյութիւն ունեցող հիւանդանոցներու ընդլայնման` լուրջ տնտեսական եւ մարդուժի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն բոլորն ալ անխտիր:

Հիմնականը այն է, որ հիւանդանոցներու գլխաւոր եկամուտը գեղեցկագիտական գործողութիւններու մուտքն է, որ փաստօրէն տարուէ տարի սկսած է աւելի զարգանալ եւ թափ ստանալ: Այս իմաստով ալ կարգ մը հիւանդանոցներ կը նախընտրեն բժշկական, առողջապահական գործողութիւններու փոխարէն` այդ տեսակի գործողութիւններով խճողեն իրենց հաստատութիւնները:

Վերջապէս, այս բոլորէն անդին, մէկ բան ալ կը հաստատենք, որ Լիբանանի բժշկական բնագաւառը` իբրեւ կիրարկում, ախտաճանաչում եւ բուժում, տակաւին բարձր մակարդակի վրայ է եւ մրցակից է` Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի շատ մը երկիրներու հետ` եւ նորարարութեան հետ` քայլ պահած:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը Սփիւռքի Հետազօտական Ծրագիրի Տնօրէն Նշանակուած Է

Յաջորդը

Մերձաւոր Արեւելք. Հայկական Գործօնը Դարձեալ Շահարկւում Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?