Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի` «Թերթ»-ին հետ կատարած հարցազրոյցին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «1նիուզ» կայքը:
«Հարցազրոյցէն յստակ կը դառնայ, որ ատոր հասցէատէրը հայկական հասարակութիւնն է», ըսած է Ապտուլայեւա:
Ան նշած է, որ Մնացականեան` խօսելով ժողովրդավարական միտումներու մասին, կը փորձէ անոնց տակ քողարկել Հայաստանի «անամօթ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը»:
Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին Մնացականեանի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հեռու է յարձակողապաշտութեան եւ բռնագրաւումի քաղաքականութեան դադրեցումէն, դրացիներու հետ բնական յարաբերութիւններ հաստատելու մտադրութենէն»: