Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հատուցման Մեր Ազգային Պայքարը Անժամանցելի Է

Մայիս 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ինչպիսի՞ն էր Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակը… Ի՞նչ կ՛ընէին մեր պապերը 1915-ի յունուար, փետրուար, մարտ ամիսներուն: Ով ի՞նչ հարցեր կը լուծէր, ով ինչո՞վ կը տագնապէր, ով ի՞նչ կը տօնէր, ով ի՞նչ նախատեսութիւններով կ՛ապրէր եւ կ՛ապրեցնէր իր ընտանիքը եւ ի՞նչ երեւակայութեամբ կը դիեցնէր իր հոգին:

Այո՛, կարեւոր է գիտնալ, թէ ի՞նչ երեւակայութեամբ կ՛ապրէր մեր մեծերու սերունդը, երբ տակաւին չէր բացայայտուած հայասպանութեան ծրագիրը: Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզն է, որ ըսած է տեղ մը, որ` «ի վերջոյ իրականութիւնը պիտի գայ հաստատելու, թէ երեւակայութիւնը… ճիշդ էր»: Ես այս խօսքը առաջին անգամ տեսայ փոքր աղջկանս համակարգիչի պաստառին վրայ եւ այլեւս չկրցայ մոռնալ զայն, քանի որ ան եղաւ իմ մնայուն վէճս Մարքեզին հետ: Ո՞ր իրականութիւնն էր, որ պիտի գար հաստատելու 1915-ի նախօրէի ո՞ր երեւակայութիւնը, հարց կու տայի ես ինծի (եւ Մարքեզի՛ն) Հայ դատի հատուցման պայքարի ամէն մէկ հանգրուանին վրայ: Պարզ է, որ ցեղասպանազերծ աշխարհ մը գոյութիւն ունէր տեղ մը, որուն պերճանքէն զրկուած էինք մենք, եւ որուն մասին կը խօսէր Մարքեզ: Բայց նաեւ կը յիշեցնէի ինքզինքիս, որ այդպիսի աշխարհի մը համար էր, որ ի վերջոյ կը պայքարէինք մենք երկրէ երկիր եւ տասնամեակէ տասնամեակ, եւ թէ մեր քաջարի տղաքն էին ու մեր քաջազուն աղջիկնե՛րը` այդ գաղափարին իսկական եւ անկեղծ զինուորները…

1984-ին Հայկական ՍՍՀ գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ բանասէր Ալբերտ Ս. Շարուրեանի «Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն»-ը, որուն էջերը հարուստ են բանաստեղծի կեանքին բաբախուն մանրամասնութիւններով: Յարգելի բանասէրը գրած է Դանիէլ Վարուժանի կեանքին ամէնէն սրտառուչ վէպը` առանց քայլ մը իսկ շեղելու գիտական մարդու իր պատասխանատու դիրքերէն: Ի դէպ,  Շարուրեանի երկը ունեցած է ակադ. Էդուարդ Մ. Ջրբաշեանը որպէս պատասխանատու խմբագիր, եւ գիրքը հրատարակութեան համար երաշխաւորած են գրախօսներ` Մ. Մ. Մելիքեանն ու Ի. Դ. Վարժապետեանը, եւ ի վերջոյ գիրքը լոյս տեսած է Գիտութիւններու ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով: Այս բծախնդիր մաղերէն անցնելէ ետք միայն գիրքը հասած է մեր ձեռքը…

Յարգելի բանասէրը շատ հակիրճ տողերով օրը օրին կը վերականգնէ Վարուժանի ստեղծագործական առօրեան` հիմնուելով անվիճելի փաստերու եւ վկայութեանց վրայ: Եւ այդ չոր ու անսեթեւեթ տողերը այնուամենայնիւ սարսռալի պարզութիւն մը ունին մեզի համար այսօր, երբ կը կարդանք: Գիտենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի: Գիտենք, թէ անխուսափելի վախճան մը ունին այդ միամիտ պատահարները ապրիլ 24-ի (նոր տոմարով) ձերբակալութեանց նախորդող օրերուն: Գիտենք, թէ Վարուժան իսկապէս չի գիտեր: Արաքսին եւ անչափահաս ձագուկները չեն գիտեր: Գաղափարի եւ գրչի ընկերները չեն գիտեր այն, ինչ որ մենք այս հեռաւորութենէն հիմա գիտենք… եւ որ մեր ողբերգութիւնն է գիտնալ եւ իրենց ողբերգութիւնն է չգիտնալ… Վարուժանի կեանքի պատահարները, ամէն քայլափոխին, կը ղօղանջեն դէպի մեր գիտակցութեան խորերը եւ կ՛արթնցնեն դաժան իրականութիւնը ոճրային կանխամտածութեան, որուն գիտութենէն զրկուած է զոհը: Զոհը զոհ է, քանի որ ան անգիտակցաբար ու պարտադրաբար կ՛ապրի սուտ կեանքը, զոր թուրք պետութիւնը պատրաստած է իրեն համար: Մարդիկ կը դաւեն իր ամէնէն մեծ հարստութեան` իր ազատ երեւակայութեան դէմ: Ամբողջ մարդկութի՛ւն մը կը դաւէ մէկ մարդու այդ սուրբ իրաւունքին դէմ: Եւ հետեւաբար` համայն մարդկութեան կեանքի սկզբունքին դէմ: Հիմա աւելի պարզ է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կանխամտածումով նիւթուած ոճիր: Կանխամտածումով նիւթուած ցեղասպանութի՛ւն: Հիմա աւելի յստակ է, թէ ինչո՛ւ մեր առջեւ ունինք մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութի՛ւնը: Հիմա արդէն ոչ ոք իրաւունք ունի մեզի «ողջախոհութեան» դասեր տալու:

Հատուցման մեր ազգային պայքարը անժամանցելի է: Թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը պարտաւորուած են Հայաստանի եւ համայն հայութեան հետ հաշուի նստելու եւ անկեղծօրէն մաքրելու իրենց հաւաքական պարտքը Ցեղասպանութեան ոճրի արդար հատուցման բոլոր չափանիշներով եւ առաջին հերթին` հողային մեր իրաւունքներու անվերապահ ճանաչումով:

Երիտթուրքերը թիրախաւորելով, մեղքը այդ քանի մը ոճրագործներու ուսերուն միայն դնելով եւ հատուցման դատը ապակողմնորոշել ջանալով` ոչ ոք սին յոյսեր թող չսնուցանէ, որ կարելի պիտի ըլլայ այս հարցը «մաքուրի հանել»: Հարցը քնացնել: Հարցը աստիճանաբար մեռցնել: Հարցը ծածկել ծաղկափոշիով: Զայն շաքարազօծել էրտողանեան ցաւագար հռետորաբանութեամբ: Կամ Թաներ Աքչամի եւ իր նմաններու աճպարարութիւններով: Այդպէս պիտի չըլլայ: Երիտթուրքերու հաշիւը մենք մաքրած ենք վաղուց: Այդ ծառայութի՛ւնն ալ մենք մատուցած ենք մարդկութեան: Հիմա թուրք պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի հաշիւն է, որ դրուած է համաշխարհային հանրութեան սեղանին վրայ:

Ուաշինկթըն

Նախորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Սէգ Շուշին

Յաջորդը

Մենք Հայկականանք Ու Հայկականացնենք Մեր Տուները

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?