Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Մայիս 13, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք  Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին վախճանեցաւ:

Ամբողջ դար մը ապրած Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին լուրը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին մնաց տիրական` Պքերքէն դարձնելով ցաւակցութեան կեդրոն մը, իսկ լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը վերածելով ցաւակցութիւն յայտնելու եւ 99-ամեայ վախճանեալ պատրիարքին մասին վկայութիւններ արձանագրելու միջոցներու:

Վարչապետին որոշումով երկօրեայ պաշտօնական սուգի օրեր յայտարարուեցան չորեքշաբթի, 15 եւ հինգշաբթի, 16 մայիսը:

Այդ որոշումին համաձայն, չորեքշաբթի, 15 մայիս 2019-ին պետական բոլոր հաստատութիւններուն վերեւ Լիբանանի դրօշը կիսով պիտի բարձրանայ, իսկ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները սուգին համապատասխան պատշաճութեամբ յայտագիրներ պիտի սփռեն:

Իսկ Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան օրը` հինգշաբթի, 16 մայիս 2019-ին, պետական բոլոր հաստատութիւնները, քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ սեփական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ խորհրդակցեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութեան մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգային սուգի օր յայտարարելու մասին:

Պքերքէ նախապէս յայտարարեց, որ իր պաշտօնական որոշումն է Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարել հինգշաբթի, 16 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Սֆէյր պատրիարքին մարմինը չորեքշաբթի օր «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցէն պիտի փոխադրուի Պքերքէ, ուր պիտի տեղադրուի յուղարկաւորութենէն 24 ժամ առաջ:

Պքերքէի մէջ ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 13, երեքշաբթի, 14 եւ ուրբաթ, 17 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Սֆէյր պատրիարքին աճիւնները պիտի ամփոփուին Պքերքէի պատրիարքական դամբարանին մէջ եւ ոչ Քաննուպին հովիտի դամբարանին մէջ:

Լիբանանի մէջ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար կոչ ուղղեց հինգշաբթի օր կաթողիկէ բոլոր վարժարանները փակել եւ մասնակցիլ Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գուժեց Սֆէյր պատրիարքի մահը` շեշտելով, որ լիբանանեան ազգային կեանքը պիտի կարօտնայ զինք` իբրեւ Լիբանանի անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանող հզօր անձնաւորութիւն:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` շեշտելով, որ ան իր անձով եւ գործով մարմնաւորած է ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու աւանդ մը, ինչպէս նաեւ նպաստած է, որ Լիբանանը մէկ իրավիճակէն միւսին անցնի:

Ֆրանչիսկոս պապը գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը եւ աղօթեց անոր հոգւոյն համար:

Երէկ կէս գիշերին Էլիզէի պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնած է` հաստատելով, որ Սֆէյր պատրիարքը ներողամտութեան ու բազմազանութեան ռահվիրան եւ բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքը պաշտպանողը եղած է:

Ռայի պատրիարքը գուժեց Սֆէյրի մահը: Անոր խնդրանքով լիբանանեան բոլոր եկեղեցիները երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին հնչեցուցին իրենց զանգերը` իբրեւ Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով սուգի արտայայտութիւն:

Ան Պքերքէի մէջ երէկ նախագահեց Սֆէյր պատրիարքին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան մը, որուն ընթացքին շեշտեց. «Սֆէյր պատրիարքին հեռացումը այս աշխարհէն կը նշանակէ, որ ան երկնքին մէջ մեզի բարեխօս դարձած է»: Ռայի պատրիարքը Սֆէյրի վախճանումին առիթով ցաւակցութիւններ ընդունեց:

Ռայի պատրիարքին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Ազարը, որ Պըրրիի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց` Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով:

Ազար նշեց, որ Սֆէյր պատրիարքը ազգային վեհ անձնաւորութիւն մըն էր, հզօր եւ սկզբունքներու տէր մարդ, որ դարձաւ ազգային հաշտութեան մեծագոյն օրինակը:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը այցելեց Պքերքէ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց Տար Ֆաթուան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ շէյխ Խալտուն Օրայմեթի: Շէյխ Օրայմեթ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով:

Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան Սֆէյրի մահը գուժած էր` զայն նկատելով չափաւորականութեան, ուրիշին դիմաց բաց ըլլալու եւ իմաստուն մարդու խորհրդանիշը:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ այցելեց Պքերքէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին:

Ան շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքին ցուցմունքներուն եւ փորձառութեան պէտք է հետեւիլ` փրկելու համար Լիբանանը:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ, որ եռօրեայ ազգային սուգի յայտարարութիւն պահանջեց` Սֆէյր պատրիարքին նման իւրայատուկ անձնաւորութեան վախճանումին առիթով:

Միւս կողմէ, Ժահժահ գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` զայն կոչելով գոյատեւման պայքարի հազուագիւտ տիպար մը, ինչպէս նաեւ իր սկզբունքներուն կառչած մնացող հզօր անձնաւորութիւն մը:

Ալեւի համայնքի խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Խտըր Ասֆուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր: Ասֆուր նշեց, որ Սֆէյր պատրիարքը միշտ երկխօսութեան եւ ազգային միասնականութեան մշակոյթը քարոզեց

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան գուժեց Սֆէյր պատրիարքին վախճանումը` շեշտելով, որ ան նուիրումով աշխատած է` իր համայնքին ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ նպաստած է լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան Սֆէյր պատրիարքը նկատեց իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնառու անձնաւորութիւն մը, որուն ազգային աւանդը անմահ պիտի մնայ:

Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` շեշտելով, որ ան բոլորին համար մօտիկ եւ հաւատարիմ բարեկամ էր:

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը գուժեց Սֆէյրի մահը: Ան շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը իմաստուն ղեկավար էր եւ ամուր ժայռ մը, որուն բոլորը կը դիմէին տագնապներու ընթացքին:

Մարոնիներու լիկան գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` զայն նկատելով Լիբանանի վերանկախացման հերոսը:

Անկախութիւն շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատ գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` հաստատելով, որ ան Լիբանանի եւ մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իւրայատուկ եւ անկրկնելի անձնաւորութիւն մըն է:

Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` շեշտելով, որ ան իր կեանքը նուիրած է ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին ի խնդիր:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` շեշտելով, որ ան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ համեստ էր եւ ժուժկալ, որոնց մէջ կը կեդրոնանար անոր վեհութիւնը:

Ան նշեց, որ ինք Սֆէյր պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի ներկայացուի իր զաւկին` երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի անձով:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած Հանրապետութեան հանդիպումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը: Հանրապետութեան հանդիպումը մաղթեց, որ Սֆէյր պատրիարքին երթն ու գործունէութիւնը ըլլայ լիբանանեան ընթացագիծ մը:

Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր գուժեց Սֆէյր պատրիարքին մահը` հաստատելով, որ Լիբանան կորսնցուցած է իր հզօր մայրիներէն մէկը, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ խորհրդանիշ մը:

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւէսյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքը վտանգաւոր կացութիւններու պարագային ինքնազսպումի ենթարկուող եւ բոլորը իմաստուն որոշումներ որդեգրելու մղող պատրիարքն էր:

Նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես գուժեց Սֆէյր պատրիարքի մահը` հաստատելով, որ անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ, որովհետեւ ան նպաստած է լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան հաստատումին եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման:

Նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի գուժեց Սֆէյրի մահը` մաղթելով, որ անոր յիշատակը յաւիտեան մնայ եւ լիբանանցիներուն փոխանցած ազգային աւանդները շարունակեն պահպանուիլ:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Սֆէյր պատրիարքին յիշատակին առիթով հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Սֆէյր պատրիարքը ազգային կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ, որուն ընդմէջէն ան յանձնառու մնաց Լիբանանի միասնականութեան, կայունութեան եւ համերաշխութեան»:

 

Նախորդը

Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»

Յաջորդը

Պաքուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառուցողական Բանակցութիւններու Սկսելու Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?