Փորթուգալեան Փորթօ ֆութպոլի ակումբը հաստատեց, որ ակումբի սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս չորեքշաբթի, 1 մայիսին, առաւօտեան փորձերուն ընթացքին ունեցած է սրտի կաթուած, ապա հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք ենթարկուած է վիրաբուժութեան:
Փորձառու բերդապահի կեանքին վտանգ չի սպառնար, սակայն 37 տարեկան ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար ստիպուած ըլլայ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան 2015-ի ամրան տեղափոխուեցաւ Փորթօ` 16 տարի Ռէալ Մատրիտին մաս կազմելէ ետք: