Իսլանտայի մէջ տեղի ունեցած «Ռէյքիուիք օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Տիգրան Պետրոսեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով բաժնեց 1-8-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշով ան հանդիսացաւ 6-րդ:
Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները` Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան, 6,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 9-10-րդ դիրքերը:
9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Պետրոսեան եւ Մովսիսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Յովհաննիսեան` հաւասարութիւն մը:
Տիտղոսին տիրացաւ ռումանացի Քոնսթանթին Լուփուլեսքու: