Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նուիրահաւաքներէն Գոյացաւ Աւելի Քան 300 Հազար Տոլար
2018-2019 Քեպեքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ մէջ կայացան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութիւններու ընդհանուր գումարը հասաւ աւելի քան 300 հազար տոլարի:
Քանատայի շրջանային Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Հայ դատի Քանատայի գործունէութեան ի նպաստ հանգանակային ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
Բացումը կատարեց տոքթ. Խաժակ Գուլաճեանը, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք յայտնեց, որ Հայ դատի քաղաքական քարոզչութեան մեծ բաժինը Հայ դատի գրասենեակները կ՛իրականացնեն, եւ այդ գրասենեակներու պիւտճէները կը գոյանան նուիրատուութիւններով: Ապա խօսք առաւ Քանատայի շրջանային Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան, որ ներկայացուց Հայ դատի գրասենեակին աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Վերջին շրջանին գրասենեակին ջանքերով Քանատայի զանազան քաղաքական դէմքեր եւ խորհրդարանի անդամներ այցելեցին Արցախ, այս այցելութիւններուն որպէս արդիւնք` առաջին անգամ ըլլալով Քանատայի խորհրդարանին մէջ կազմուեցաւ Արցախի հետ բարեկամական խումբ մը: Գրասենեակը, անցնող տարուան ընթացքին կապեր հաստատած է տարբեր երեսփոխաններու, զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան մնայուն անդամներու հետ: Յառաջիկայի ծրագիրներուն առնչութեամբ, գրասենեակը աշխատանք կը տանի քանատական դեսպանատան հիմնադրման` Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Քանատայի կողմէ Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումներու դատապարտման, նկատի առած, որ Քանատա, որպէս ԵԱՀԿ-ի անդամ, մեծ դեր ունի Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Շ. Միրաքեան աւարտեց խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով քանատահայ համայնքին` անոր ցուցաբերած զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար:
Օրուան բանախօսն էր Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեանը, որ սքայփով ներկաներուն պատմեց Արցախի վերջին տարիներու մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Ան անդրադարձաւ 2017-ի սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, որով նաեւ որոշուեցաւ վերահաստատել Արցախի Հանրապետութիւն պաշտօնական անունը: Ան անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական իրավիճակին, գիւղատնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն, տեղեկատուական ոլորտին եւ կենսուժին, որ ինքնաբաւ ըլլալով` կրնայ ապահովել պետութեան անվտանգութիւնը: Արցախի մէջ հիմնուած է Արցախի ներդրումներու հիմնադրամ, որ կը սատարէ արտաքին ներդրումներու: Աւետիսեան անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան` նշեց, որ հիմնական աշխատանքը Արցախի միջազգային ճանաչումն է, մինչեւ օրս ութ ամերիկեան նահանգներ բանաձեւեր ընդունած են Արցախի անկախութեան սատարելու մասին, Արցախի պետութիւնը յոյս ունի, որ նման յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի նաեւ Քանատայի մէջ, մասնաւորաբար Քանատայի խորհրդարանի մէջ Արցախի հետ բարեկամական խումբը յառաջանալէն ետք: Ռ. Աւետիսեան անդրադառձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան, որոնք անընդունելի են Արցախի համար, բայց ներկայ պայմանները նպաստաւոր չեն որեւէ լուրջ քայլերու համար, եւ թէ` ներկայիս Ազրպէյճանի հանդէպ վստահութիւն գոյութիւն չունի: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերականգնել Արցախի լիարժէք մասնակցութիւնը` որպէս բանակցական կողմ:
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կ՛ամփոփէր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին լայնածաւալ աշխատանքները:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Շամլեանը ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբին հաշուեկշիռը, որով անդրադարձաւ 2017 եւ 2018 տարեշրջաններուն հանգանակուած գումարներուն յատկացումներուն` տարբեր աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու:
Աւարտին, տոքթ. Խաժակ Գուլաճեանը յայտարարեց, որ սոյն հանգանակութեան հաւաքուած է 85,000 տոլար, որուն 25,000-ը նուիրատութիւնն է Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանին:
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնրէալի նուիրահաւաքը:
Քանատայի շրջանային Հայ դատի յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նորա Զոպոյեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, թէ որքա՛ն մեծ ըլլայ մեր ժողովրդային մասնակցութիւնը իրաւունքներուն հետապնդման գործին, որքա՛ն առատ ըլլան Հայ դատի Յանձնախումբին մեր տրամադրելիք միջոցները, այնքա՛ն կը ծաւալի մեր իրաւունքներու հետապնդման գործընթացը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս զօրավիգ կանգնին Հայ դատի յանձնախումբին, որպէսզի արդիւնաւորուի աշխատանքը` յանուն մեր հայրենիքին, Արցախին ու համայն հայութեան:
Հայ դատի յանձնախումբի գործավար Սեւակ Պէլեանը խօսք առնելով` ներկայացուց անցնող երկու տարիներուն ընթացքին յանձնախումբին տարած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները, որոնք կ՛ընդգրկէին Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովէն առաջ եւ ետք տարուած աշխատանքները, ազրպէյճանական կողմին զէնքի գնման հակազդեցութիւնը, Ցեղասպանուած համայնքներու հետ համագործակցութիւն, ցեղասպանութեան ճանաչումի իրագործումէն ետք, յաջորդ քայլին` պահանջատիրութեան անցումը, հանրային ներքին եւ արտաքին կապերու զարգացում, Քանատայի խորհրդարանին մէջ Արցախի բարեկամներու խորհուրդի ստեղծման սատարում, երիտասարդներու քաղաքականացման ի խնդիր յատուկ ծրագրի մշակում եւ այլն:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Հայ դատի յանձնախումբին գործունէութեան մասին, ապա Հայաստանէն սքայփով միացաւ Ամերիկայի եւ Քանատայի հետ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, զեկուցեց` Արցախի ներկայ իրավիճակին, տնտեսական, ռազմավարական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ ընթացող զարգացումներուն, Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան եւ բանակցութիւններու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակի հզօրացման մասին: Աւետիսեան նաեւ բարձր գնահատեց Քանատայի զօրակցութիւնը Արցախի, յատկապէս Հայ դատի Յանձնախումբին տարած արդիւնաբեր աշխատանքները` Արցախի միջազգային ճանաչման եւ պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ` մասնակցութիւնը ընկերային կեանքի եւ կենսամակարդակի բարելաւման:
Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեանը ներկայացուց կոմիտէութեան նիւթական տեղեկագիրը` լուսաբանելով իւրաքանչիւր յատկացման նպատակն ու անհրաժեշտութիւնը, ապա իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որոնք անվարան նեցուկ կը կանգնին Հայ դատի բոլոր աշխատանքներուն:
Աւարտին յայտարարուեցաւ հանգանակութեան արդիւնքը, ըստ որուն, ներկայ անհատներու եւ միութիւններու նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը հասաւ 187.850 տոլարի:
Միացեալ Նահանգներ
Մեծանուն Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանին Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ թանգարանի տնօրէնութեան եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին, 17 մարտին տեղի ունեցաւ խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանիh նուիրուած մեծարանքի երեկոյ:
Օրուան հանդիսավար Վարուժան Տէր Սիմոնեանը ներկայացուց խմբավարին ելոյթներէն օրինակներ, նաեւ` անոր անցած իննսունամեայ ուղին եւ խօսեցաւ Չէքիճեանի կեանքին նուիրուած 600 էջնոց նկարազարդ գիրքին մասին, որ տպուած է յոբելեարի 85-րդ տարեդարձին առթիւ: Ան շեշտեց, որ Չէքիճեանը իր մեկնաբանութեան մէջ կը ներառէ բնութիւնը` իր համատիեզերական էութեամբ, ըլլա՛յ անիկա փոթորկոտ թէ խաղաղ օրերու ընդմէջէն, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր երգի բառերու եւ իմաստին հետ կ՛ապրի, կ՛արտայայտուի, կ՛արտացոլայ ստեղծագործութեանց իսկական պատկերը:
Ֆրեզնոյի Գրական լսարան «Զանգակատուն» խումբի ներկայացուցիչ Մարգարիտ Դումանեանը ելոյթ ունենալով` մայէսթրոն կոչեց «Ամենայն հայոց խմբավար»:
Տաճատ վրդ. Աշըգեանը իր խօսքին մէջ շեշտեց խմբավարին նուիրումը հայ երգին եւ եկեղեցւոյ կողմէ յուշատախտակ մը նուիրեց անոր:
Վարուժան Տէր Սիմոնեանը իր կարգին յուշատախտակ մը նուիրեց խմբավարին:
Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Յ. Չէքիճեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ յոբելեարի, անցած կեանքի դրուագները ներկայացնող տեսերիզ մը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
2 ապրիլին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան առաջին այցը առաջնորդարան, դրուատեց ՀՕՄ-ի ծաւալած հայրենանպաստ ծառայութիւններն ու անձնուէր գործունէութիւնը` նշելով, որ առաջնորդարանը միշտ քաջալեր հանդիսացած է ՀՕՄ-ի ծաւալած մարդասիրական, կրթական եւ հայրենանուէր ծառայութեան:
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր ընծայած առիթին համար` նշելով որ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն է մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւններով օժանդակել համայն հայութեան: Ք. Շմաւոնեանը սրբազան հօր նուիրեց ՀՕՄ-ի 110-ամեակին առթիւ Մայքըլ Արամի արուեստի գործէն յուշապնակ մը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Կեդրոնական վարչութեան անդամները անդրադարձան` իրենց տեղական շրջաններու իրավիճակներուն, աշխարհատարած հայ գաղութներու ներկայ պատկերին, տարուած աշխատանքներուն, անոնց ենթակայ կառոյցներուն, կրթանպաստներուն եւ տնտեսական հարցերու:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի նուիրեալ ծառայողները` նշելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր բարձր պահելու ՀՕՄ-ի ջահը սփիւռքի բոլոր օճախներուն մէջ` Լիբանանէն մինչեւ հեռակայ շրջաններ, նաեւ` հայրենիքի մէջ, ապա իր կարգին բոլորին յանձնեց յուշանուէրներ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ցոյցը` «Սթէյփըլզ» Կեդրոնին Առջեւ
Կիրակի, 7 ապրիլի երեկոյեան Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Սթէյփըլզ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տեղւոյն «Լէյքըրզ» եւ Եութայի «Ճեզ» խումբերուն միջեւ մրցումէն դուրս եկող հազարաւոր համակիրները ականատես եղան տասնեակներով ցուցարարներու, որոնք կը մասնակցէին ՀԵԴ-ի կազմակերպած ցոյցին:
Ցոյցին նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնել` նոյն ժամանակ դատապարտելով պատմական այդ իրողութիւնը ուրանալու բոլոր փորձերը:
Ցուցարարները գետին պառկած էին` մահացած ձեւանալով եւ կը կրէին ցուցատախտակներ կամ հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ կ՛երեւէին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող, Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող եւ Թուրքիայէն Քալիֆորնիոյ ներդրումները ետ քաշել պահանջող պատգամներ:
Կիպրոս
* Նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին,16-րդ հոգեւոր լսարանը տեղի ունեցաւ 28 մարտին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ կրօնական դասուն անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլորին: Օրուան նիւթը յատկացուած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր իմաստին, շէնքային եւ նիւթեղէն կառոյցին եւ աւելի քան տասնեակ մը անօթներու ու սպասներու աւանդութեանց եւ բացատրութեանց:
Սրբազան հայրը բացատրելէ ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր իմաստը, մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ անոր շէնքային ու նիւթեղէն ճարտարապետական կառուցուածքին, 16 սիւներուն եւ խորանին: Ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նուիրապետական 4 աթոռները եւ բացատրութիւններ տուաւ 10-15 եկեղեցական առարկաներու կամ սպասներու մասին:
* 29 մարտին Խորէն արք. Տողրամաճեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Կիպրոսի Ազգային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեանի: Շուրջ 50 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր:
Արժանթին
Պուէնոս Այրեսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Թանգարան Պիտի Կառուցուի
Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետարանը հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանի կառուցման:
Թանգարանը պիտի կառուցուի մայրաքաղաքի Պալերմօ արուարձանի հայկական համայնքի կեդրոնին մօտ, Կուրուճակա փողոցին վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամին կողմէ:
Քաղաքապետարանը հիմնարկի թանգարանին կառուցման համար յատկացուցած է 30 տարի, որ կրնայ երկարաձգուիլ:
Թանգարանին մէջ պիտի ստեղծուի նաեւ Արժանթինի մէջ հայկական հետքի արխիւ մը, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան գրադարան եւ արխիւ: