Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելած է «Բաղրամեան» զօրավարժարան:
Այդտեղ վարչապետին ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու նորագոյն զինուորական սարքերը եւ մեքենաները: Նիկոլ Փաշինեան դիտակէտէ հետեւած է նաեւ անոնց ցուցադրական փորձարկումներուն: