Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք օրինագիծեր կ՛առաջադրեն, որպէսզի անոնք ըլլան փտածութեան դէմ պայքարի ամուր բազուկները: «Այս առումով մենք առաջադրեցինք դրամատնային հաշիւներու գաղտնի դրութիւնը վերացնելու եւ անձեռնմխելիութեան վերջ տալու օրինագիծերը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան պետութեան պատկանող գողցուած գումարները վերադարձնել», շեշտեց ան:
Պասիլ յայտնեց, որ դրամատնային հաշիւներու գաղտնի դրութիւնը արգելք կը հանդիսանայ դատաւորին փաստելու, թէ ո՛վ յանցագործ է, իսկ անձեռնմխելիութեան իրաւունքը կ՛արգիլէ հետաքննիչ դատախազին հետապնդում կատարել:
Ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան պետութեան պատկանող գողցուած գումարները վերադարձնելու օրէնքը իր կարգին կարեւոր է` հաստատելով, որ եթէ անհատի մը յանցագործութիւնը փաստուի, ապա անոր իւրացուցած գումարները պետութեան յանձնելու համար եւս օրէնքի կարիք կայ:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք կը գտնուին օրէնսդրական վարժանիստի մը մէջ, իսկ առաջին օրինագիծը, որ պիտի առաջարկեն, դրամատնային հաշիւներու գաղտնի դրութիւնը ջնջելու օրինագիծն է, որ ստորագրուած է համախմբումին անդամ 10 երեսփոխաններու կողմէ:
Ան շեշտեց, որ այս օրինագիծը կը վերաբերի լիբանանեան պետութեան բոլոր պատասխանատուներուն, սկսեալ` հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ պետութենէն ամսական աշխատավարձ ստացող ամէնէն պարզ պաշտօնեաները` իրենց ամուսիններով եւ անչափահաս զաւակներով:
«Փտածութեան կարելի է դիմադրել միայն օրէնսդիր աշխատանքով, ահա այս է երեսփոխաններուն դիմագրաւելիք նոր մարտահրաւէրը», ըսաւ ան:
Պասիլ դիտել տուաւ, որ անձնական մակարդակով ինք նման մարտահրաւէրի մը դիմաց գտնուած է «Տիար» օրաթերթին ու «Քալամ էլ նաս» պատկերասփիւռային յայտագիրին պարագային եւ առաջարկած է բանալ իր դրամատնային հաշիւները, սակայն անոնք մերժած են: «Աւելի ուշ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը ընդունեց մարտահրաւէրը եւ հաշիւներուս մասին պատրաստած տեղեկագիրս սփռեց, եւ հակառակ անոր զրպարտութիւնները շարունակուեցան», ըսաւ ան:
Պասիլ իր յայտարարութիւնը եզրափակեց յայտնելով, որ փտածութեան դէմ պայքարը քաղաքական պայքար չէ, այլ` բարեկարգումի պայքար, որուն աշխատանքը սկսած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կողմէ եւ խորհրդարանին մէջ պիտի վերածուի օրէնքի: Այս ընթացքն ու հետապնդումը ստիպեց ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստելու հաշիւները եւ զանոնք յղելու համապատասխան մարմիններուն», շեշտեց ան: