Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարական Յանձնախումբը Աւարտեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը

Փետրուար 6, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ եւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Չորսուկէս ժամ տեւած նիստէն ետք  նախարար Ժարրահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Ինչպէս վարչապետ Հարիրի խոստացած էր, յանձնախումբը աւարտեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը»: Ան աւելցուց, որ այսօր  կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախարարական յանձնախումբը վերջին անգամ պիտի կարդայ աշխատանքային ծրագիրը ու վաւերացնէ զայն»:

Ժարրահ շեշտեց, որ կատարուած են կարգ մը սրբագրութիւններ, յապաւումներ եւ յաւելումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք աշխատանքային ծրագիրը ամբողջացած է եւ անոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացած:

Ան նշեց, որ Դիմադրութեան մասին աշխատանքային ծրագիրը որդեգրած է նախորդ կառավարութեան բանաձեւը` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով որդեգրուած միակ լուծումը ռուսական նախաձեռնութիւնն է:

Ժարրահ շեշտեց, որ իբրեւ պետութիւն Լիբանան կը շարունակէ շրջանի տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցել` նշելով, որ Լիբանանը չէ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնը ճշդողը, այլ` Արաբական լիկան, որովհետեւ ան է, որ սառեցուցած է Սուրիոյ անդամակցութիւնը, «հետեւաբար

մենք յանձնառու կը մնանք Արաբական լիկայի որոշումին», ըսաւ ան:

Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին, պաղեստինցի գաղթականներուն եւ այլ կարեւոր հարցերու մասին աշխատանքային ծրագիրին մէջ դարձեալ որդեգրուեցան նախորդ կառավարութեան կեցուածքն ու բանաձեւերը: Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը վերապահութիւններ արձանագրուած են` մաղթելով, որ անոնք այսօր վերջ գտնեն:

Նախքան նիստին գումարումը Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ յանձնախումբը աշխատանքային ծրագիրի գրեթէ բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայն է:

Իր կարգին, Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ քաղաքական որոշ կէտերու շուրջ յանձնախումբին մէջ տարակարծութիւններ արձանագրուին:

Սելիմ Ժրայսաթի ըսաւ, թէ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ սուրիացի տեղահանուածներու արժանապատիւ տունդարձին համար:

Նախարար Ֆընէյշ պատասխանելով Դիմադրութեան վերաբերող լրագրողներու հարցումին, շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութեան մասին բանաձեւը պահուի ինչպէս որ էր նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, ապա հարցեր պէտք չէ ըլլան:

Վարչապետ Հարիրիի Այցելուները

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրին` ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ Քուէյթի Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին եւ Քուէյթի իշխանութիւններուն ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց վարչապետ Հարիրիին` Լիբանանին մաղթելով բարգաւաճում:

Քանայի մաղթեց նաեւ, որ Հարիրիի կառավարութիւնը արժանանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէին եւ անցնի աշխատանքի` վերահաստատելով արաբական եւ միջազգային իմաստով Լիբանանի իւրայատուկ դերակատարութիւնը:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին` ներկայութեամբ վարչապետի ռուսական հարցերու խորհրդատուին` Ժորժ Շաապանի:

Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ ռուսական իշխանութիւններուն անունով շնորհաւորած է վարչապետը եւ մաղթած, որ աշխատանքային ծրագիրը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացուի, որպէսզի կառավարութիւնը սկսի աշխատանքի:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ընդգծելով տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Զասիփքին անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ վերջերս ստորագրուած նաւթի պեղման համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վարչապետ Հարիրի զինք իմացուցա՞ծ է, թէ աշխատանքային ծրագիրին մէջ համախոհութեամբ պիտի որդեգրուի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ռուսական նախաձեռնութիւնը, Զասիփքին ըսաւ. «Աշխատանքային ծրագիրի մշակումին պատասխանատուն Լիբանանի կառավարութիւնն է»:

Վարչապետ Հարիրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ Լի Քէ Չիանկի կողմէ:

Վարչապետ Հարիրի նախանցեալ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի ընտանիքներուն ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, որուն յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարիները Լիբանանի համար աւելի լաւ տարիներ պիտի ըլլան:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարն ու ծախսերուն նուազեցումը, ինչպէս նաեւ վարչական աշխատանքին դէմ ցեխարձակումները վերջ պիտի գտնեն:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Անտոնեան միաբանութեան համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալխ, որ շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին եւ բարձր գնահատեց անոր ջանքերն ու զոհողութիւնները` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան:

Մուսթաքպալ Պլոքը Շեշտեց Կառավարութեան Միասնականութեան Կարեւորութիւնը

Նշենք, որ Մուսթաքպալ պլոքը Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի մէջ երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց կառավարութեան միասնականութեան կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով իր դաշնակիցներուն յանձնառու մնալու այդ միասնականութեան:

Մուսթաքպալ պլոքը վերահաստատեց կառավարութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` դրուատելով իրենց ժողովներուն միանալիք նախարարներուն դերակատարութիւնը:

Պլոքը նկատել տուաւ, որ Ռայա Հասանի կողմէ ներքին գործոց նախարարութեան ստանձնումը հիմնադիր քայլ կը նկատուի: «Քաղաքացիներուն վստահութիւնը կը գերազանցէ կուսակցական բոլոր շահերը», հաստատեց Մուսթաքպալ պլոքը:

 

 

Նախորդը

«Փտածութեան Ախտը Պէտք Է Արմատախիլ Ըլլայ` Պետութեան Եւ Քաղաքացիին Միջեւ Գործակցութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Նախարար Մնացականեան Մեկնաբանած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերուն Վերաբերեալ Վարչապետին Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?