3 եւ 4 փետրուար 2019-ին, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան եւ հովանաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս պապին ու Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայիպին, «Մարդկային եղբայրութիւն» նիւթով միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ:
Համագումարին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը:
Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը յատուկ պատգամ մը ղրկած էր համագումարին` ընդառաջելով համագումարի կազմակերպիչներու փափաքին: