Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արջուկներ Ուրախութիւն Կը Բերեն Ամբողջ Թաղամասի Մը

Յունուար 26, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

2018-ի հոկտեմբերին, առտու մը, տասնեակ մը մեծ խաղալիք արջուկներ յայտնուեցան Փարիզի Կոպըլին թաղամասին մէջ: Անցնողներուն ուշադրութիւնը գրաւող այս 4,9 քիլօ կշռող արջուկները ամէն տեղ էին` սրճարաններուն մէջ, դեղագործին մօտ, սափրիչին խանութը, նոյնիսկ` մեթրոներուն մուտքին:

Կամաց կամաց անոնց ներկայութիւնը դարձաւ ընտանի, եւ սկսաւ հետաքրքրել նոյնիսկ զբօսաշրջիկները: Սակայն այս արջուկներուն ներկայութիւնը թաղին մէջ պատահական չէ: Թաղամասին մէջ գտնուող գրախանութի մը պատասխանատուն Ֆիլիփն է, որ յղացած է այս գաղափարը` քիչ մը ուրախութիւն մտցնելու համար տխուր անցնողներուն առօրեային մէջ:

Ան արջուկներու իր այս մեծ ընտանիքը կը վստահի թաղամասի տարբեր գործատէրերուն, որպէսզի անոնք արջուկները զետեղեն հետաքրքրական ձեւով եւ մաս կազմեն թաղամասի առօրեային: Այս ձեւով, օրինակի համար, երբ անոնցմէ մէկը իր ժամանակը կ՛անցընէր թաղին դեղարանին մէջ, ան մաս կազմած է ծխախոտի դէմ կազմակերպուած ձեռնարկներուն: 31 դեկտեմբերին ճաշարաններէն մէկը «հրաւիրած» է մօտաւորապէս յիսուն արջուկ` Նոր տարուան խրախճանքին. ճաշարանը փակ մնացած է միւս յաճախորդներուն համար, սակայն հետաքրքիր անցնողները կեցած են ճաշարանին պատուհաններուն առջեւ այդ «տօնակատարութեան» հանդիսատես ըլլալու համար:

Ֆիլիփը նոյնիսկ առաջարկած է անձերու` արջուկ մը որդեգրել 48 ժամուան ընթացքին, պայմանաւ որ արջուկը մաս կազմէ անձին առօրեային եւ ընէ այն, ինչ որ ան կ՛ընէ եւ ապրի անոր նման:

Սակայն արջուկներուն այս երկար կեցութիւնը վերջ պիտի գտնէ: Սկզբունքով անոնք երկար արձակուրդի պիտի երթային յունուար 7-ին: Սակայն անոնք յետաձգած են իրենց ճամբորդութիւնը, եւ իրենց այցելութիւնը վերջ պիտի գտնէ 26 յունուարին: Հետեւաբար այսօր մեծ ընդունելութիւն մը պիտի կազմակերպուի Քաղաքապետարանին մէջ, որպէսզի հրաւիրեալները անոնց հրաժեշտ տան: Անշուշտ ասիկա առիթը պիտի ըլլայ նաեւ Ֆիլիփին` անոնց թիւը հաշուելու, տեղեկութիւն մը, որ միայն Ֆիլիփը գիտէ, որովհետեւ ո՛չ մէկը գիտէ, թէ քանի՞ արջուկներ կ՛ապրին թաղին մէջ եւ կ՛անցնին ձեռքէ ձեռք:

***

Սակայն արջուկները խոստացած են վերադառնալ: Այս երկրորդ եղանակը պիտի սկսի 2019-ի գարնան:

Հետաքրքրական

Աշխարհի Ամէնէն
Հանդարտ Գործը

Անգործ իրլանտացիները, որոնք կը կարդային ծանուցումներ` գործ մը գտնելու համար, շատ հետաքրքրական ծանուցումի մը հանդիպած են: Տապլին մայրաքաղաքի անասնաբուժարաններէն մէկը կը փնտռէ կատուները շոյող մասնագէտ անձ մը: Ան իր օրերը պիտի անցընէ կատուները շոյելով եւ անոնց մլաւոցները բացատրելով, որպէսզի անասնաբուժները վստահ ըլլան, որ բոլոր անասունները հանգիստ են:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– 55 միլիոն տարիներ առաջ Անթարքթիքայի մէջ սառոյց չկար:

– Թայլանտի մէջ մարդիկ Նոր տարին կը տօնեն իրարու վրայ ջուր թափելով:

– Էյֆել աշտարակը ներկելու համար կը գործածուի 59 թոն ներկ:

– Աղի ջուրի կոկորդիլոսը կրնայ իր բերանը բաց ձգել` իր ուղեղը զովացնելու համար:

– Չինաստանի մէջ կը խօսուին մօտաւորապէս 235 տարբեր լեզուներ:

– Դանիոյ մէջ արուեստագէտ մը շինեց վեց «մոռցուած հսկաներու» արձանները եւ զանոնք պահեց, որպէսզի հետախոյզներ զանոնք փնտռեն:

– Եթէ երկրագունդը լուսին չունենար, ան այնքան արագ պիտի դառնար, որ օրը միայն վեց ժամ պիտի տեւէր:

– 2016-ի Ողիմպիական խաղերուն 14 երկիրներ միայն մէկ մարզիկ ղրկեցին մրցաշարքին:

– Կարգ մը խողովակի նման որդեր կրնան ապրիլ մինչեւ 600 տարի, ովկիանոսներուն խորերը:

– Մրրիկներուն մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ի եւ գիշերուան ժամը 9:00-ի միջեւ:

– 8-րդ դարուն Ճափոնի Թոտայճի տաճարին շինութեան աշխատանքները կատարած են 2,6 միլիոն անձեր:

– Վարունգի մը ներսի բաժինը կրնայ 11,1 աստիճան աւելի պաղ ըլլալ, քան` անոր դուրսի բաժինը:

– Գոյութիւն ունի աւստրալիական օրքիտէ (խոլորձ) ծաղիկի տեսակ մը, որ իր ամբողջ կեանքը կ՛անցընէ հողին մէջ:

– Մեր շրթունքները չեն քրտնիր:

– Գիտէի՞ր, որ կարելի է գնել 25 հազար տոլար արժող շունի տնակ մը` օժտուած էր-քոնտիշըններով եւ երաժշտութիւն սփռող դրութեամբ:

– Կարգ մը սարդերու ուղեղը կը հասնի մինչեւ անոնց ոտքերուն մէջ:

– Կոկորդիլոս մը կրնայ շանաձուկ մը ուտել:

– Անգլիոյ մէջ Շեթլընտ փոնի կրանտ նասիոնալ ձիերու մրցումին մասնակցողները պէտք է 8 – 13 տարեկան ըլլան, եւ անոնց հասակը չանցնի 1,5 մեթրը:

– Իտալացի խոհարար մը կը պատրաստէ պասքեթպոլի մարզակօշիկի ձեւով սուշի:

– 60 միլիոն տարիներ առաջ պզտիկ ինքնաշարժի  մը մեծութեամբ կրիաներ կը շրջէին երկրագունդին վրայ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել անուշեղէնին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Օրինակի համար` 3+4=7:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?