Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անոր անունը կազմուած է «Ռայ»-է, որ ճափոներէն կը նշանակէ որոտ, եւ «տեն»-է, որ կը նշանակէ կայծակ: Զայն կ՛անուանեն նաեւ Ռայ-ժին. «ժին», այսինքն` աստուած:
Լաւ նայինք Ռայտենի կերպարին. մենք անմիջապէս կը նշմարենք անոր շուրջ դարձող պզտիկ թմբուկները: Այս ձեւով է, որ ճանչցուած է Ռայտենը: Երբ ան իր թմբուկներուն կը զարնէ, որոտումին ձայները կ՛արձագանգեն եւ կայծակները կը փայլատակեն:
Ռայտենը յաճախ կը յայտնուի իր երկուորեակ եղբօր` Ֆուժինի հետ, որ հովի աստուածն է, սակայն միաժամանակ` Ռայտենի ամէնէն ոխերիմ թշնամին: Անկարելի է զանոնք շփոթել. Ֆուժին ունի կարմիր մազեր եւ մարմինը ծածկուած է ընձառիւծի մորթով:
Ռայտենի կ՛ընկերակցի նաեւ փոքրիկ անասուն մը` Ռայժու, որ կրնայ տարբեր կերպարանքներ ստանալ` թռչող կրակէ գնդակ մը, կատու, կապիկ:
***
Գիտէի՞ր, Թէ…
1274 թուականին մոնկոլական բանակը կ՛ուզէր գրաւել Ճափոնը. սակայն ան չյաջողեցաւ ահաւոր մրրիկի մը պատճառով: Ըստ առասպելին, Ռայտենն է, որ յառաջացուցած է այդ մրրիկը, որուն տրուած է «քամիքազ» անունը, ճափոներէնով` «աստուածային հով»:
Հետագային այս անունը տրուեցաւ ճափոնցի այն օդաչուներուն, որոնք իրենց օդանաւերով կ՛երթային մեռնելու Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին:
Իկլու Մը` Լուսինին Վրա՞յ
Ապրելու Համար
Զուիցերիոյ մէջ սառոյցին մէջ իկլու մը պիտի փորուի` նմանակելու համար կեանքի ա՛յն պայմանները, որուն մարդը կրնայ հանդիպիլ, եթէ իկլու մը հաստատուէր լուսինին վրայ:
Լուսինին վրայ իկլու մը շինելու գաղափարը այդքան ալ իւրօրինակ չէ: Լուսինին հարաւային բեւեռը ունի սառոյցէ վեց մեծ փոսեր: Այդ փոսերուն մէջ մարդուն յատուկ բնակավայրեր փորելը անոր կարելիութիւնը պիտի տայ կայուն ջերմաստիճան մը ունենալ, սակայն յատկապէս` պաշտպանուելու անջրպետին մէջ ճամբորդող վտանգաւոր ճառագայթներէն եւ երկնաքարերէն:
Զուիցերիոյ Անջրպետի կեդրոնի հովանաւորութեամբ, ուսանողներ սկսած են աշխատելու ԻԿԼՈՒՆԱ ծրագիրին վրայ: Մինչեւ մէկ տարի անոնք պիտի յղանան եւ շինեն նման իկլու մը` Սերվենի սառոյցներուն մէջ: Անոնք փորձեր պիտի կատարեն մօտաւորապէս 30 քառ. մեթր այս փոքրիկ բնակավայրին մէջի կեանքի պայմաններուն վերաբերեալ, դժուար միջավայրի մը մէջ, այնպէս` ինչպէս լուսինին վրայ ըլլային: Հոն գոյութիւն պիտի ունենայ ննջասենեակ մը, սենեակ մը` ուտելիք արտադրելու համար, այդ վայրին համար յատուկ շինուած բաղնիք մը եւ ուսումնասիրութեան կեդրոն մը` հաւաքելու համար տեղեկութիւնները:
Ուսանողները պէտք է երեւակայեն` ինչպէ՛ս շինել այդ իկլուն, սակայն նաեւ` ինչպէ՛ս անոր ելեկտրականութիւն հայթայթել, ուտելիք արտադրել… Մինչ սառոյցը անոնց կարելիութիւնը պիտի տար իրենց տրամադրութեան տակ ունենալ մեծ քանակութեամբ ջուր եւ թթուածին: Փորձը պիտի կատարուի մէկ տարիէն, ուսանողները իրենց օրերը պիտի անցընեն հոն, սակայն գիշերը հոն պիտի չքնանան: Այս ծրագրին նպատակն է օր մը սառոյցի նման գիւղ մը շինել լուսինին վրայ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Անգլիոյ մէջ օրէնքները ֆրանսերէնով գրուած էին աւելի քան 400 տարիներու ընթացքին:
– Կարգ մը հոյամողէսներ ունէին մինչեւ 1000 ակռայ:
– Չափահաս անձ մը կրնայ տարեկան մինչեւ 1500 երազ տեսնել:
– Եթէ դուն մազերդ բնաւ չկտրես, անոնք կը դադրին երկարելէ, երբ մօտաւորապէս 61 սմ-ի հասնին:
– Աշխարհի թթուածինին կէսը կը ստեղծուի ովկիանոսին մէջ:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, մենք ընդհանրապէս անտրամադիր կ՛ըլլանք հինգշաբթի օրերը:
– Մեր ուղեղին բջիջները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` մեր մարմնին միւս բոլոր բջիջները:
– Լեհաստանի մէջ գոյութիւն ունի շէնք մը, որ կարծէք կը հալի:
– Անթարքթիքի սառոյցին տակ պահուած գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 70 լիճեր:
– Գոյութիւն ունին մութին մէջ փայլող սունկեր:
– Փտած հաւկիթները կը ծփան ջուրին վրայ:
– Պարզ մատիտով մը կրնաս գրել մօտաւորապէս 45 հազար բառ:
– Թեւատները տարեկան 5000 քմ կը լողան:
– Իր կեանքին ընթացքին շանաձուկ մը կրնայ ունենալ եւ կորսնցնել մինչեւ 30 հազար ակռայ:
– Կարգ մը արուեստագէտներ ծամոն կը գործածեն արուեստի գործեր ստեղծելու համար:
– Շաքարեղէնի անգլիական ընկերութիւն մը շինած է տուրմի հսկայական տուփ մը` լեցուած 220052 անհատական տուրմի կտորներով:
– Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի ռամեն նուտըլ ճափոնական ճաշին յատուկ թանգարան մը:
– Գոյութիւն ունի արծիւի տեսակ մը, որ կրնայ լողալ:
– Հոյամողէսի կարգ մը հաւկիթներ կը կշռէին մինչեւ 4,5 քիլօ:
– Թայլանտի մէջ գոյութիւն ունին կապիկներ, որոնք իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն ակռանին մաքրել:
Ժամանց


