Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
11 տարեկանին Տիեկօ Արմանտօ Լուսիանօ Քորթես լքած է իր ծնողքը եւ երկիրը` Մեքսիքան, մէկ տարիով երթալու համար Հարաւային Քորէա եւ մարզուելու Կօ խաղալու: Հարաւային Քորէայի մէջ է, որ կը պատրաստուին Կօ խաղին աշխարհին ամէնէն լաւ խաղացողները: Հոն Տիեկօ իր օրերը կ՛անցընէ զարգացնելով իր մարտավարութիւնը միջազգային ակադեմիայի մը մէջ:
Այդ փոքր տարիքին մանչերը ընդհանրապէս կ՛երազեն դառնալ արհեստավարժ ֆութպոլ կամ թենիս խաղացող մը, սակայն Տիեկօ կ՛երազէ Կօ խաղի ախոյեան դառնալ: Այս խաղը ծագումով չինական ռազմավարական խաղ մըն է, որուն ընթացքին խաղացողները պէտք է կարենան շրջապատել երկիրներ եւ զինուորներ` ճերմակ եւ սեւ քարերու միջոցով:
Տիեկօ այս խաղին ծանօթացած է 6 տարեկանին` բարեկամի մը շնորհիւ: Ան անմիջապէս սիրած է այս խաղը: Ապա ան շատ շուտ յառաջացած է եւ դարձած` երկրին ամէնէն լաւ խաղացողը` բոլոր դասակարգերուն մէջ: Մեքսիքայի մէջ կան միայն 50 խաղացողներ: Ամէնէն լաւ խաղացողի տիտղոսը Տիեկոյին կարելիութիւնը տուած է երթալու եւ ուսանելու Քիպայի ակադեմիային մէջ, Հարաւային Քորէա:
Տիեկօ գիշերօթիկ է այդ անուանի հաստատութեան մէջ, տարբեր տարիքի եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած ուրիշ խաղացողներու հետ: Եւ որովհետեւ ան իր ծնողքէն հեռու կ՛ապրի, խնամակալ մը իրեն հոգ կը տանի: Երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00-ը ան կը մարզուի: Շաբաթ օրերը ան իր կէսօրէ ետքը կ՛անցընէ ֆութպոլ խաղալով. ասիկա անոր զբօսանքն է: Շաբաթ առտու ան յաճախ Կոյի դասերու կը հետեւի: Սակայն Կոյի դասերէն առաջ եւ ետքը ան կը հետեւի դպրոցի դասական դասաւանդութեան` նամակագրութեան միջոցով: Իսկ երբ ան դասերուն համար օգնութեան պէտք կ՛ունենայ, իր մօրը հետ կը խօսի համացանցին վրայ. սակայն ամէն անգամ երբ ան կը վերջացնէ իր խօսակցութիւնը, տխուր կը զգայ: Իր դպրոցի պարտականութիւններով եւ ճերմակ ու սեւ քարերով զբաղած` ան իր տարիքին համեմատ բնական կեանք մը չ՛ապրիր: Իր տարիքի միւս տղոց նման` ան երբեմն կը փափաքի պատկերասփիւռ դիտել կամ երթալ եւ ուրիշ մանուկներու հետ խաղալ: Սակայն ասիկա անկարելի է, որովհետեւ յաջողելու համար ան պէտք է աշխատի, երբեմն նոյնիսկ` կիրակի օրերը: Իսկ երբ քիչ մը ազատ ժամանակ կ՛ունենայ, կը նախընտրէ հանգիստ ընել. մտածելն ու խաղալը անոր գլուխը շատ կը յոգնեցնեն:
Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլ հասնելէն ի վեր, Տիեկօ կը սորվի նաեւ քորէական լեզու, ան լեզուի դասերու կը հետեւի երեքշաբթի եւ հինգշաբթի իրիկունները, չափահասներու հետ: Հոն ալ, ան դասարանին առաջինն է: Իր քորէացի բոլոր ուսուցիչներուն հետ հաղորդակցելու ամէնէն լաւ միջոցը անոնց լեզուն սորվիլն է: Այս փոքրիկ ախոյեանին համար, որ արդէն սպաներէն եւ անգլերէն գիտէ, քորէական լեզուն գրելը, կարդալը եւ խօսիլը դիւրին է, սակայն շատ դժուար է հասկնալը:
6 ամիս Քորէայի մէջ մնալէ ետք Տիեկօ շատ վստահ չէ, որ ապագային պիտի դառնայ Կոյի մեծ խաղացող մը: Սակայն ան կ՛երազէ վերադառնալ Մեքսիքա եւ դառնալ Կօ խաղի ուսուցիչ` իր այս խաղին սէրը փոխանցելու համար ուրիշ մանուկներու…
Հետաքրքրական
Պատմութեան Առաջին
Վիտէօ-Խաղը
Պատմութեան առաջին վիտէօ-խաղը եղած է OXO խաղը, Ի.Տի.Էս.էյ.Սի. համակարգի մը վրայ, 1952-ին: Էյ. Էս. Տուկլաս այս խաղը հնարած է ցուցադրելու համար մարդ-համակարգիչ փոխազդեցութիւնը, երբ ան ներկայացուցած է իր Քեմպրիճի համալսարանին մէջ: Այդ շրջանին խաղը յաջողութիւն չգտաւ, որովհետեւ այդ համակարգիչին միակ օրինակը կը գտնուէր համալսարանին մէջ:
1958-ին Ուիլիըմ Հիկինպոթըմ կը ստեղծէ թենիս ֆոր թու խաղը, Պրուքհէյվընի ազգային գիտաշխատանոցին մէջ: Այս խաղը կը համարուի նախահայրը փոնկ խաղին, 1972-ին Աթարիի կողմէ շուկայ իջեցուած եւ ժողովուրդին ուղղուած առաջին վիտէօ-խաղը:
Ինչպէ՞ս…
… Ոսկին գտնուած է: Հաւանաբար` պատահաբար: Նախապատմական մարդիկ զայն կը գտնէին հողին մէջ, երբ անոնք կայծքար կը փնտռէին, կամ գետերուն մէջ` աւազի հատիկներուն միջեւ: Նախապատմական շրջանի վերջաւորութեան անոնք ոսկին կը հալեցնէին եւ զայն կը գործածէին` գերեզմանները զարդարելու, շինելու կացիններ, դիմակներ, գոհարեղէններ:
… Յայտնուած են ովկիանոսները: 4 միլիառ տարիներ առաջ երկրագունդը ծածկուած էր հրաբուխներով, որոնք կ՛արձակէին ջրաշոգի: Պաղ օդին հետ շփման մէջ մտնելով` այս շոգին վերածուած է ամպի, ապա` անձրեւի, որ իր կարգին կազմած է ծովերն ու ովկիանոսները: Ջուրին մէկ մասը եկած է նաեւ երկնաքարերէն եւ գիսաստղերէն:
… Դլփինները կրնան լսել: Դլփինին ականջները երկու ծակեր են, որոնք կը գտնուին աչքերուն ետեւ, անոնք շատ պզտիկ են եւ չեն կրնար ձայները ընկալել: Դլփինը իր գանկին եւ ծնօտին ոսկորներով կը զգայ ովկիանոսին ձայները, ապա այս ձայները կը փոխանցուին ուղեղին, որուն պաշտօնն է զանոնք «կարդալ»: Դլփինները յատկապէս լաւ կը լսեն:
… Կը շինեն տուրմ: Ափրիկէի, Ինտոնեզիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ աճող քաքաոյի ծառին հատիկները արեւուն տակ կը չորցուին, ապա կը խորովուին եւ կը տրորուին ստանալու համար քաքաոյի խմոր: Այս խմորին վրայ կ՛աւելցուի շաքարը եւ այս խառնուրդը կ՛անցնեն 2 գլաններու մէջէն` զայն աւելի հարթ դարձնելու համար: Վերջապէս, այս խառնուրդը կը պարպուի կաղապարներու մէջ` տուրմ շինելու համար:
… Լուցկին կը բռնկի: Լուցկիին ծայրը ծածկուած է կարմիր, նիւթով մը, որ կը պարունակէ քիմիական նիւթեր, ժելաթին եւ ապակիի փոշի: Երբ այս բաժինը կը քսենք տուփին խորտուբորտ կողմին վրայ (որ ծածկուած է ֆոսֆորով), այս գործողութիւնը կը յառաջացնէ քիմիական հակազդեցութիւն մը եւ կայծ մը, որ կը բռնկեցնէ փայտիկը:
… Կը ստացուի կերպընկալը: Կերպընկալը ընդհանրապէս կը ստացուի քարիւղէն: Քարիւղը կը խառնուի քիմիական նիւթերով եւ կը տաքցուի այս ձեւով կը ստացուին կերպընկալի փոքրիկ գնդիկներ: Առարկաներ շինելու համար այս գնդիկները կը հալեցնեն, եւ ստացուած հեղուկ խմորը կը պարպուի առարկային ձեւը ունեցող կաղապարին մէջ, եւ ապա կը ձգեն, որ ան պաղի:
Ժամանց


