Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Արծրունիի «Մժեղը» Լիբանանեան Բեմին Վրայ*

Նոյեմբեր 2, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցազրոյց Բեմադրիչ
Յակոբ Տէր Ղուկասեանին Հետ

Հարցազրյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ «Քոլեքթիւ տը լ՛աքթ» խումբը երկու շաբաթէ ի վեր Արա Արծրունիին «Մժեղը» ներկայացումը կը խաղայ «Մոնօ» թատերասրահին մէջ: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ` աւելի մօտէն իմանալու թատրոնի աշխատանքներուն մասին: Յայտնենք, որ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ ամէն հինգշաբթի, ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մինչեւ 11 նոյեմբեր 2018:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս նախաձեռնեցիք այս ներկայացման:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Ես Արա Արծրունիին «Մժեղը» կարդացի եւ շատ սիրեցի, որովհետեւ անհեթեթ թատրոնին մաս կը կազմէ, բան մը, որ սրտիս շատ կը խօսի: Տիպարները շատ սիրեցի. հետաքրքրական էր նաեւ պատմութեան հիւսուածքը: Քիչ մը ակաթաքրիստիական բան մը կար մէջը: Եւ այսպէս որոշեցի, որ այս գործը բեմադրեմ:

Արաբական խումբին, որ միասին մէջտեղ բերած ենք ես ու դերասանները, առաջարկեցի Արա Արծրունիին «Մժեղը»: Այս գործը ունէր ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը, որուն մէջ խոցելի կէտեր կային: Խումբիս ֆրանսերէնը տուի, որ կարդան, յետոյ սկսանք արաբերէնի թարգմանել: Իրենք ֆրանսերէն տարբերակը ունէին, ես` հայերէնը: Խումբը արաբերէնի կը թարգմանէր, ես հայերէնին հետ կը համեմատէի:  Փաթիլ Գուլաճեանն ալ կ՛օգնէր, որովհետեւ օգնական բեմադրիչն էր եւ, այսպէս, կրցանք շատ հարազատ արաբերէն թարգմանութիւն մը ունենալ, մանաւանդ որ խումբին մէջ կար, թատրոնի կողքին, թարգմանութիւն ուսանած անձ մըն ալ, որուն արաբերէնն ալ շատ օգնեց: Ուրեմն թարգմանելը, լեզուն մաքրելը եւ թատերականի վերածելը մօտաւորապէս երկուքուկէս ամիս տեւեց, իսկ փորձերը` չորս ամիս:

«Ա.».- Ինչի՞ մասին կը խօսի նիւթը:

Յ. Տ. Ղ.- Ամէնէն դժուար հարցումն է ասիկա, որովհետեւ նիւթը ամէն ինչի մասին կը խօսի: Ուրեմն, այսպէս, երեք դերասաններ իրարու միջեւ կը զրուցեն մժեղի մը մահուան մասին, եւ յանկարծ օտար անձ մը կը մտնէ անոնց խօսակցութեան մէջ: Այս է պատմութիւնը, որուն աւարտին չորս դերասանները երեքի կը վերածուին: Կը տեսնենք, որ մժեղը պարզապէս պատճառաբանութիւն է: Գործը շատ բաներու մասին կը խօսի. առաջին հերթին` քաղաքականութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ իշխանութեան կը հասնին եւ իշխանութեան հասնելէ ետք ինչպէ՛ս ուրիշ մարդիկ կու գան եւ կը տապալեն իշխանութիւնը: Գործը կը խօսի տիտղոսներու մասին` երբ մէկը անուն մը կ՛ունենայ, այդ անունին շատ կը հաւատայ, անոր կառչած կը մնայ, վերջաւորութեան այդ անունը կը դառնայ: Գործը կը խօսի նաեւ մարդկութեան մասին, որ` մարդկութիւնը շատ լաւ է, երբ անուն չունի. երբ պարզ անձ մըն է, շատ լաւ է, բայց երբ ընկերութեան մէջ կը սկսինք մակդիրներ եւ հագուստներ հագցնել մարդուն, մարդը կը փոխուի եւ կը դառնայ վայրագ գազան մը` միւսներուն նման: Գործը կը խօսի նուիրապետութեան մասին` գլուխը եւ գործօնները: Կը խօսի, թէ ինչպէս որ կայ ղեկավարը, կայ նաեւ ղեկավարին միշտ «այո՛, այո՛» ըսողը, «դուն լաւ ես, տէ՛ր իմ», ըսողը, եւ կայ նաեւ վախկոտը, որ միշտ կը գործադրէ, ինչ որ ըսուի իրեն, որ իր կեանքը փրկէ: Այսպէս, քանի մը բաներու մասին կը խօսի «Մժեղը»: Ես կը նախընտրեմ հանդիսատեսը գայ եւ անձամբ զատէ իր ուզածը:

 «Ա.».- Ինչպէ՞ս են ելոյթը դիտողներուն տպաւորութիւնները:

Յ. Տ. Ղ.- Կան մարդիկ, որոնք ելոյթէն ելան եւ հարցը կապեցին սէուտցի լրագրող Խաշոկճիի պատահարին, եւ հարցուցին ինծի, որ ես լուր ունէի՞ պատահածի մասին, որովհետեւ նիւթը շատ քաղաքական է:

Դիտողները շատ լաւ տպաւորուած դուրս կ՛ելլեն սրահէն: Դերասանութեան վրայ զմայլած են: Ըսեմ, որ Սարգիս Ասատուրեանը հսկայական եւ մանրակրկիտ աշխատանք տարաւ տարազները պատրաստելով: Երաժշտութիւնը, որ շատ անուշ կը հնչէ, պատրաստած է Հրայր Գալեմքերեանը. ներկայացումը տարօրինակ է եւ շատ մութ, իսկ երաժշտութիւնը խանդավառ կամ խածնող կողմ մը ունի, Հրայրը շատ լաւ կրցաւ երաժշտութեան վերածել մթնոլորտը:

Մոնթրէ քաղաքէն ֆրանսացիներ եկան, դիտեցին ներկայացումը եւ ըսին, որ անպայման Ֆրանսա տանինք թատերախումբը եւ Մոնթրէի մէջ ներկայացնենք ելոյթը:

Ծրագիր կայ նաեւ, որ ներկայացումը Հայաստան երթայ: Հաւանական է` արաբերէն խաղանք, եւ հայերէն թարգմանութիւնը տրուի, բայց դերասանները ըսին, որ եթէ ժամանակ տրուի, պատրաստ են արեւմտահայերէն հնչիւնները սորվիլ:

«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք:

Յ. Տ. Ղ.- Հիմնական եւ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը նիւթական էր: Մենք վստահած էինք մէկ-երկու դրամատուներու, որոնք վերջին վայրկեանին մերժեցին օգնել: Մէկ կողմէ մեր բարեկամները օժանդակեցին, միւս կողմէ` քիչ մը ծանուցումներ, եւ այսպէս կրցանք դրամ ապահովել եւ գործը գլուխ հանել: Տարազներուն կտորները Անգլիայէն բերել տուաւ Սագոն, որովհետեւ հանդիսատեսին եւ դերասանին միջեւ հազիւ մէկ մեթր կայ, եւ ասոր համար ալ տարազները շատ բծախնդիր եւ որակով տարազներ պէտք էր ըլլային: Ուրիշ դժուարութիւններ չունէինք:

Դերասանները պատրաստ էին ձրիաբար աշխատելու, պարզապէս` խաղալու հաճոյքին համար, փորձառութեան համար, որովհետեւ բոլորին համար ալ թատրոնը փորձառութիւն մըն է վերջ ի վերջոյ:

Ըսեմ նաեւ, որ պրոշիւրները եւ աֆիշները Հայաստան տպուեցան, Ռոստոմ Գոյումճեանին կողմէ: Մինչեւ հիմա բոլոր աֆիշներս Ռոստոմ Գոյումճեանը ըրած է, անոր ոճը շատ կը սիրեմ: Մհեր Ծատուրեանն ալ ձեռքով չորս կօշիկ շինեց: Այստեղ ալ դժուարութիւն կար, որովհետեւ կօշիկները իգական կօշիկներ էին եւ պէտք էր տղու չափով պատրաստուէին:

«Ա.».- Խօսինք դերասաններուն մասին:

Յ. Տ. Ղ.- Դերասաններն են` Թոնի Ֆարահ, Սառա Ապտօ, Ժոզեֆ Խուրի եւ Անժելա Խալիլ: Տնօրինող մըն ալ ունէինք` Եարա Զախուր, որ ելոյթէն առաջ մեզմէ բաժնուեցաւ, որովհետեւ դեր ունէր խաղալիք ուրիշ տեղ: Եարա Զախուրը անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի թարգմանեց գործը:

Ուրեմն չորս դերասան` երկու դերասան եւ երկու դերասանուհի, բայց թատրոնին մէջ յայտնի չէ, թէ անոնք տղա՞յ են, թէ՞ աղջիկ: Ելոյթը տեղի կ՛ունենայ «Մոնօ» թատրոնին «Աքթ» սրահը: Խումբին անունն է «Քոլեքթիւ տը լ՛աքթ», որովհետեւ այդ սրահէն ծնունդ առած է խումբը, որ կը հաշուէ եօթը հոգի: Առաջին թատրոնն ալ, որ ըրինք Ժան Ժիւնէի «Լէ պոն»-ն է: Մինչեւ 11 նոյեմբեր` Արա Արծրունիին տարեդարձը պիտի շարունակենք խաղալ «Մժեղը» ներկայացումը:

 

* Նշենք, որ հարցազրոյցը կատարուած է Արա Արծրունիի մահէն առաջ:

Նախորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Տօնակատարութիւններու Բացման Ս. Պատարագ

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?