Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 40 անդամներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեցին` սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման հարցով խիստ պատժամիջոցներ հաստատելու Սէուտական Արաբիոյ դէմ:
Քոնկրեսականները իրենց միացեալ նամակին մէջ յայտնեցին, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ փաստեր, «որոնք ցոյց կու տան, թէ սէուտական կառավարութիւնը կազմակերպեց Ժամալ Խաշոկճիի ահաբեկումը»:
Ներկայացուցիչներու տան անդամները իրենց նամակին մէջ նշեցին, որ կը միանան Ծերակոյտի իրենց գործընկերներուն, որոնք Թրամփը կը յորդորեն Խաշոկճիի սպանութեան պատասխանատուներուն դէմ «Մակնիսքի» օրէնքի ծիրին մէջ պատժամիջոցներ հաստատելու որոշում որդեգրելու:
Նշենք, որ «Մակնիսքի» օրէնքը պատժամիջոցներ կը հաստատէ ահաբեկման գործողութիւններու կամ անձերու չարչարանքի մեղսակիցներուն դէմ:
Քոնկրեսականները նաեւ կոչ ուղղեցին` առկախելու Եմէնի մէջ «բազմաթիւ անզէն կիներու եւ երեխաներու սպանութեան պատճառ դարձած» գործողութեան Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը:
Թրամփ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի լրագրողներուն տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ գոյութիւն ունեցող հետախուզական տուեալներուն համաձայն, Խաշոկճին մեռած է: «Եթէ հրաշքներու հրաշք տեղի չունենայ, ես պիտի ընդունէի, որ ան մահացած է», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ամէն ինչ այդ կը վկայէ… հետախուզական տուեալներ կը ստացուին բոլոր տեղերէն»:
«Ատիկա վատ է, շատ վատ, եւ հետեւանքները պէտք է լուրջ ըլլան», ընդգծած է Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ տակաւին «քիչ մը կանուխ է» եզրակացութիւններ ընելու, թէ յատկապէս ո՛վ հրամայած է սպաննել Խաշոկճին: «Մենք կ՛աշխատինք շարք մը երկիրներու հետախուզութիւններուն հետ», ըսած է ան:
Թրամփ նաեւ «վստահութիւն յայտնած է հետախուզութեան` շարք մը աղբիւրներու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը նշեն, թէ Խաշոկճիի սպանութեան հարցին մէջ դեր ունեցած են Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները` բարձրագոյն մակարդակով»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» նաեւ հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը հետզհետէ աւելի եւս կը համոզուի, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը մեղսակից է սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողի սպանութեան: