Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

July 19, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Մանուկեանի արձանի ոդիսականը կը թուի, որ աւարտած է: Կը թուի, որովհետեւ կայքերու թէ ընկերային ցանցերու ճամբով տակաւին կը շարունակուի արծարծուիլ արձանի գեղագիտական բաժինը, տեղադրումի իրաւական ընթացակարգը, տեղադրումի վայրին նպատակայարմարութիւնը, անձին դերակատարութիւնը, կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ ընդհանրապէս նման արձան կանգնեցնելու արարքին իմաստը:

Կարելի է ըսել, որ ընդհանրապէս, շատ քիչ բացառութիւններ զանց առնելով, միանշանակ չեն ընկալուած որեւէ արձանի տեղադրումի որոշումը, քանդակագործի գեղագիտական ճաշակը, ճարտարապետին ընտրած վայրը եւ անշուշտ անձնաւորութեան հեղինակութիւնը:

Այս պարագային այդ բոլոր մօտեցումներէն զատ հարցը կարելի է դիտարկել քաղաքական երկարատեւ գործընթացներու հետեւանքային իրավիճակի սահմաններուն մէջ: Եթէ խորհրդահայ պատմագրութիւնը մէկ կողմէ սեւացրէքեան քաղաքականութեամբ որոշ հատուածի մօտ ժխտական կերպար ներկայացուցած էր Արամ Մանուկեանը, միւս կողմէ ժխտողական քաղաքականութեամբ դէպքերու ընթացքը ներկայացուցած էր Արամի բացակայութեամբ: Միեւնոյն ժամանակահատուածին եւ յատկապէս մինչեւ Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացում` սփիւռքեան մէկ հատուածը եւս ենթակայ էր ժխտողական պատմագրութեան ազդեցութիւններուն: Արամի կերպարը, ցաւօք, անծանօթ էր եւ կը շարունակէ մնալ  հսկայական զանգուածներուն:

Յայտնաբար վերանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանհինգ տարիները բաւարար չեն եղած այս հիմնական բացը լրացնելու: Արամի կատարած պատմակերտ դերակատարութեան առարկայօրէն ծանօթ ոեւէ անձ չէր վիճարկեր անոր դերակատարութիւնը, հեղինակութիւնը, ազգ-հայրենիք փրկած ըլլալը, մեր շարունակականութեան ապահովման մէջ հիմնական ղեկավարութիւն ստանձնած ըլլալը, օրհասական պայմաններէն դէպի պետականութիւն անցումի կազմակերպումին մէջ անփոխարինելի դէմք հանդիսացած ըլլալու փաստը: Հետեւաբար չէր վիճարկեր նաեւ անոր արձանի ամենակեդրոնական հրապարակի ամենակեդրոնական վայրը տեղադրելու պահանջը:

Պահանջ, որ նշուած պատճառներով չժողովրդայնացաւ: Արամի ճամբով սակայն ճանաչողականութիւն ապահովելու առաջադրանքը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտած ամբողջ սերունդին: Այն ինչ որ կիրարկուեցաւ Արամի նկատմամբ իբրեւ քաղաքականութիւն, կը վերաբերի նաեւ պետականակերտ սերունդին, որ հայրենիք յղացքը առարկայացուց եւ մեզ փրկեց իբրեւ ազգ` մեր շարունակականութիւնը ապահովելու հայրենիքին մէջ:

Ճանաչողական աշխատանքի ոչ լիարժէք տարածուելու երեւոյթին մէջ պէտք է փնտռել ուրեմն Արամին եւ բոլոր Արամներուն յիշատակը յաւերժացնելու կոչուած որեւէ նախաձեռնութեան դիմաց բանավէճերու ծագման պատճառները:

Քաղաքական գնահատականները կրնան փոխուիլ իրերայաջորդ վարչակարգերով: Սակայն, եթէ համաժողովրդայնացած է կերպարը, որեւէ ստուեր ձգելու փորձ, որեւէ արուեստական բանավէճ ստեղծելու սադրանք կը մնայ տեղապտոյտի մէջ:

Հրամայական կայ ուրեմն այս ուղղութեամբ: Ծանօթացնել, զանգուածայնացնել, համաժողովրդայնացնել Արամն ու իր սերնդակից պետականակերտիչները, մեր համազգային կերպարները:

Յայտարարուած են արդէն Արամ Մանուկեանի բնակարանը վերակառուցելու եւ զայն  տուն-թանգարանի վերածելու ծրագիրը, Արամի փողոցին վերանուանումի եւ այդ փողոցին վրայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած այգիի կառուցման  եւ այնտեղ  խորհրդարանի նախագահներուն եւ վարչապետներուն կիսանդրիներու զետեղման առաջադրանքները: Զուգահեռ, ակնկալելի է, որ թափ հաւաքէ Արամի եւ իր ընկերներուն համաժողովրդային ծանօթացման արշաւը:

Վարչապետ Փաշինեան, արձանի բացման արարողութեան ընթացքին կը յայտարարէր, որ պետական, հանրային այրերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առաքելութիւնն է ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանի առաքելութեան:

Արժանի ըլլալու համար Արամ Մանուկեանի առաքելութեան, պետական, հանրային այրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները եւ համայն հայութիւնը նախ պէտք է լիարժէք ճանչնան մեր պետութիւնը հիմնադրող, հայրենիք կերտած եւ մեզ իբրեւ ազգ փրկած Արամն ու բոլոր պետականակերտ դէմքերը:

«Ա.»

Նախորդը

Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատը Համաձայնութիւն Տուած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրին

Յաջորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն»-ի Մրցանակային Ֆոնտը Պիտի Ըլլայ Մրցանշային

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.