Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան Պետրոսեան Այս Շաբաթավերջին Կը Ներկայացնէ Իր «Իմ Կիսատ Թողած Երգը» Մենաթատրոնը

Մարտ 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով երէկ` հինգշաբթի, 1 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին` Լիբանան հասաւ հայրենի բազմատաղանդ արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեան` ներկայացնելու համար իր նոր` «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաներկայացումը: Հայ երգիծաբան, դերասան, թատերական գործիչ, նկարիչ Վարդան Պետրոսեան ստեղծագործական աշխուժ գործունէութեան սկսած է շատ երիտասարդ տարիքին` խորհրդային տարիներէն մասնակցելով բազմաթիւ գեղանկարչական ցուցահանդէսներու, ձեւաւորելով թատերական ներկայացումներ, գրելով ու ներկայացնելով երգիծական թատերախաղեր: Իր հեղինակած թատրերգութիւնները կը ներկայացնէ չորս լեզուներով` հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Հիւրախաղերով ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա, Պելճիքա, Քանատա, Ռուսիա, Իրան, Սուրիա, Լիբանան: Ստեղծած է մենաթատրոնի իւրայատուկ տեսակ ու խաղաոճ: Պետրոսեանի զուարճանք եւ ծիծաղ յառաջացնող ներկայացումները մեր կեանքի մասին են եւ կը ներկայացնեն մեր առօրեան, հոգերը, ապրումները, նաեւ երազանքները:

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Վարդան Պետրոսեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր ունեցաւ կարճ զրոյց մը: Ան նկատել տուաւ, որ «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաներկայացումը կը պատմէ բանտին մէջ իր անցուցած կեանքին, բանտի պայմաններուն, շատ դժուար եւ տառապալից օրերուն, բանտի ընկերներուն, դատաիրաւական համակարգին եւ այդ դժուար պայմաններուն մէջ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մասին` անշուշտ երգիծական ոճով: Ան ըսաւ, թէ 1992-էն ի վեր հաստատուած է Փարիզ եւ չորրորդ անգամն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան, եւ շատ կարօտցած է զայն, որովհետեւ Լիբանան գեղեցիկ եւ իւրայատուկ երկիր է, հազարամեայ քաղաքակրթութիւններու եւ բարեկամութեան երկիր, իսկ Պէյրութը արեւելեան մարգրիտ է: Պետրոսեան շեշտեց, որ որեւէ երկրի ամէնէն գրաւիչ բանը այդ երկրի ժողովուրդն է, եւ ինք կարօտցած է լիբանանահայութիւնը:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը զինք Լիբանան հրաւիրած էր: Խօսելով իր ապագայ ծրագիրներու մասին` Վարդան Պետրոսեան յայտնեց, որ 2018-ին ունի թատերական ներկայացումներ, նաեւ դերեր պիտի ստանձնէ Հայաստանի մասին խօսող ֆրանսական շարժապատկերի մը մէջ, հայաստանեան պատկերասփիւռի յայտագիրի մը մէջ, ինչպէս նաեւ ծրագիրներ ունի Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ մէջ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ սկսած է հայերէնով գրել իր բանտի կեանքը նկարագրող գիրք մը, որմէ հատուածներ պիտի ներկայացնէ «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաթատրոնին ընթացքին` աւելցնելով, որ հետագային այդ գիրքը պիտի թարգմանէ նաեւ ֆրանսերէնի:

Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն Վարդան Պետրոսեան  «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաներկայացումով հանդէս եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ այս շաբաթավերջին` ուրբաթ, 2, շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 մարտին, Պետրոսեան ելոյթ պիտի ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Չեխիոյ Մէջ Կրիփէն Մահացած Է 50 Մարդ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 2025-2026 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 2025-2026 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ

Դեկտեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի  Հայկական Վարժարանները
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի Հայկական Վարժարանները

Դեկտեմբեր 8, 2025
«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը`  Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին
Գաղութային

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?