Հետաքննական լրագրողներու միջազգային համախմբումը 5 նոյեմբերին հրապարակած է տուեալներ յայտնի ընկերութիւններու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայ կամ նախկին ղեկավարներու անդրծովային գործունէութեան վերաբերեալ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Դրախտի թուղթեր» անուանումը ստացած նիւթերը կը պարունակեն շուրջ 13,4 միլիոն փաստաթուղթեր, որոնց մէջ տուեալներ կան շուրջ 120 քաղաքական գործիչներու մասին, որոնց շարքին` Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի անդամներու եւ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի վերաբերեալ:
Անդրծովային գայթակղութեան մէջ յայտնուած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի որդիները` Էրքամ եւ Պիւլենթ Եըլտըրըմները:
Համախմբումին հրապարակած նիւթերուն մէջ կը նշուի, որ Եըլտըրըմ եղբայրները Մալթայի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններու միակ սեփականատէրերն են: Առաջինը «Հոք Պէյ Մարին» ընկերութիւնն է, որ ստեղծուած է ապրիլ 2004-ին: Ընկերութիւնը ունի կամ կը ղեկավարէ բեռնափոխադրող նաւեր: Երկրորդ ընկերութիւնը` «Պլաք Իկըլ Մարին»-ը արձանագրուած է 2007 թուականին: Արձանագրութեան փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Էրքան Եըլտըրըմ, որ ընկերութիւններու բաժնետոմսերու մեծ մասին սեփականատէրն է, նաեւ այդ երկու ընկերութիւններուն տնօրէնն է: Երկու ընկերութիւններն ալ հոկտեմբեր 2017-ի դրութեամբ Մալթայի ընկերութիւններու տոմարին մէջ արձանագրուած են իբրեւ աշխուժ գործող ընկերութիւններ:
Համախմբումէն յայտնած են, որ Էրքան եւ Պիւլենթ Եըլտըրըմները մերժած են որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել հրապարակուած նիւթերուն վերաբերեալ: