Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակին Վրայ. Արաբական Պասքեթպոլի Ակումբներու Ախոյեան Հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբը Արժանացաւ Ժողովրդային Շատ Մեծ Ընդունելութեան

Նոյեմբեր 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 4 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, Մարոքէն Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ Մարոքի մէջ յաջողած էր մեծ իրագործում մը կատարել` հանդիսանալով Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեան աւարտականին պարտութեան մատնելով տեղւոյն կազմերէն Սալան, անոր իսկ համակիրներուն ներկայութեան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ ՀՄԸՄ-ը դիմաւորելու գացած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ Շրջանային վարչութեան այլ անդամներ, պասքեթպոլի յանձնախումբին անդամներ, մարզական լրագրողներ, որոնց կարգին` «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:

Իր խօսքին մէջ, Փիեռ Քախիա շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը արձանագրուած այս մեծ իրագործումին համար` աւելցնելով, որ այսպիսով, ՀՄԸՄ եկաւ իր անունը արձանագրելու արաբական պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:

Իսկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան բարի գալուստ մաղթելով խումբին, անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

Պէյրութի օդակայանէն խումբը իրեն համար տրամադրուած յատուկ փոխադրակառքով մը (որուն վրայ փակցուած էր հայկական եռագոյնը եւ խումբին նկարը), ուղղակիօրէն ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր մարզիկներուն անհամբեր կը սպասէին խումբին հարիւրաւոր համակիրները, որոնք ողողած էին հրապարակը:

Խումբը հասնելով հրապարակ, ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ բարձրացաւ փոտիում:

ՀՄԸՄ-ը դիմաւորելու եկած էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, մարզական լրագրողներ եւ մեծաթիւ համակիրներ:

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ասկէ հինգ տարի առաջ, երբ Բ. դասակարգ էինք, խոստացանք, որ ՀՄԸՄ-ը պիտի հասցնենք մեծ բարձունքի, որուն այժմ ականատեսը կ՛ըլլաք դուք: Թէեւ Մարոքի մէջ Լիբանանը ներկայացուցինք, բայց ամբողջ աշխարհի ՀՄԸՄ-ին բերինք փառք ու պատիւ` միեւնոյն ժամանակ ալ սարսափեցնելով բոլորը: Այս յաղթանակը կերտեցինք ձեզի հետ միասին եւ ատիկա կը նուիրենք ձեզի` մեր սիրելի համակիրներ:

«Թէեւ մենք լիբանանեան առաջին խումբը չենք, որ արաբական ախոյեանութիւնը կը շահինք, սակայն ՀՄԸՄ հանդիսացաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին խումբը, որ նոյն տարուան մէջ տիրացաւ թէ՛ տղոց եւ թէ՛ ալ աղջկանց արաբական ակումբներու ախոյեանութեան: Չեմ կարծեր, որ բաւական երկար տարիներ որեւէ խումբ ՀՄԸՄ-ի իրագործումը կարենայ կատարել»:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ.

«Սիրելինե՛ր, նախ` ՀՄԸՄ-ին կենացը, համակիրներուն կենացը, առանց որոնց այս յաղթանակը պիտի չիրականանար: Վարձքը կատար բոլորին` անխտի՛ր: Այս յաղթանակը կը նուիրենք Լիբանանի եւ անոր իշխանութեան երեք պետերուն` նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին: Զայն կը նուիրենք ամբողջ հայութեան: ՀՄԸՄ-ին միջոցով փաստեցինք, որ Լիբանանը դուրս պիտի գայ իր ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջէն:

«ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան այս 100-ամեակին առիթով, ՀՄԸՄ այսպիսով կատարեց մեծ իրագործում մը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը եւ Լիբանանը յաղթանակէ այլ ոչինչ կ՛ուզեն»:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամները, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես, ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեան, խումբին մարզիկները, որոնք ըսին, թէ այս բոլորը կը կատարուին համակիրներուն եւ ՀՄԸՄ-ի համար, որպէսզի միութեան անունը բարձր մնայ լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային մարզական աշխարհին մէջ:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ.

«Նախ եւ առաջ, արձանագրուած այս պատմական յաղթանակը շնորհաւոր ըլլայ բոլորին: Շրջանային վարչութիւնը առաջնահերթ նպատակ ունի բոլոր մարզերուն մէջ ախոյեանութիւններ ապահովել ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին: Մեր տղաքը ատիկա իրագործեցին Մարոքի մէջ: Նորանոր յաղթանակներ կը սպասենք տարբեր մարզախաղերուն մէջ` ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներէն եւ խումբերէն»:

Այս հանդիսութեան Կի Մանուկեան եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան, միասնաբար բարձրացուցին Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւններու տղոց եւ աղջկանց զոյգ բաժակները:

Թալին Խաչատուրեան խօսք առնելով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը` նշելով, որ միշտ կ՛ուզենք ՀՄԸՄ-ի մեր բոլոր խումբերը անխտիր ախոյեան տեսնել:

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց այս ընդունելութիւնը յաջողցնելու:

Աւարտին խումբը լուսանկարուեցաւ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հետ: Տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO

Նախորդը

Հայաստանի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Քաղաքացիներու Մասնակցութեան Համեմատութիւնը 50,06 Առ Հարիւր Է

Յաջորդը

Ֆրանսայի Նախագահին Նամակը Ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Սալամ Էլիզէի Պալատին Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Նախագահ Մաքրոնի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Էլիզէի Պալատին Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Մաքրոնի Հետ

Յուլիս 25, 2025
Բագրատունի. «Ապտալլա Պու Հապիպ`  Լիբանանեան Դիւանագիտութեան Օրինակը»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Ապտալլա Պու Հապիպ` Լիբանանեան Դիւանագիտութեան Օրինակը»

Յուլիս 25, 2025
Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Աւարտեցին Զինուորներու  Դիակներու Փոխանակումը
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Աւարտեցին Զինուորներու Դիակներու Փոխանակումը

Յուլիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?