«Ազդակ»-ի այցելուներու շարքին երէկ թերթը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեանը:
Հայրենի հիւրերը «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ զրուցեցին նշուած ոլորտներու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու կարելիութիւններուն մասին, յատկապէս այս առաջադրանքի իրականացման մէջ շեշտելով մամուլին կողմէ համապատասխան լուսաբանումներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: