ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Էջեր Լիբանանահայ Թատրոնի
Պատմութենէն. Ժորժ Սարգիսեան

Լիբանանահայ գաղութի թատերական սկզբնական շարժումի մասին ասկէ առաջ առիթով մը արտայայտուած ենք, սակայն հոս կ՛ուզենք կրկին յիշել, որ 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ ունեցած ենք թատերական նախնական ժամանակաշրջան մը: Կիլիկիոյ արտագաղթած հայ ժողովուրդի բեկորներէն մաս մը երբ եկաւ ու հաստատուեցաւ Լիբանանի ծովեզերեայ ափերը, անմիջապէս հիմը դրաւ հայ դպրոցին, եկեղեցիին եւ թատրոնին:
Թիթեղածածկ սրահներուն մէջ տեղի ունեցան գեղարուեստական, երաժշտական եւ թատերական նախնական ձեռնարկներ: Զանազան դպրոցական եւ շրջանաւարտից միութիւններու խումբեր սկսան միամիտ զաւեշտներ ներկայացնել: Գաղութը ունեցաւ թատերական գործիչներ, ինչպէս` Պօղոս Մենտիլեան, Կարօ Խանտիկեան, Ֆերահ, Տոքթ. Գաղթաճեան, Սրբուհի Դաւիթեան, Մարի Մենէնեան եւ այլն: Եւ այսպէս թատերական շարժումը տարիէ տարի, փորձառութիւն ձեռք ձգելով, յառաջացաւ ու հասաւ մինչեւ 1940-ական թուականները, որմէ ետք գաղութին մէջ ծնունդ առին զանազան թատերախումբեր` յատկապէս 1941-ին, Գասպար Իփէկեանը, Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախագահը ըլլալով, հիմը դրաւ «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան»: Մինչեւ 1952 խումբը բեմ հանեց զանազան թատերախաղեր:
1930-ին Գասպար Իփէկեանը կու գայ Պէյրութ: Մինչ այդ, ան յայտնի անձնաւորութիւն էր, թէ՛ որպէս բեմադրիչ, եւ թէ՛ որպէս դերասան` Թիֆլիսի, Թեհրանի, Պոլսոյ, Եգիպտոսի եւ Պաղտատի մէջ: Իփէկեան կը հաստատուի Պէյրութ եւ անմիջապէս կը սկսի բեմադրութիւններու:
1959-ին կը հիմնուի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, եւ իբրեւ բեմադրիչ կը հրաւիրուի Պերճ Ֆազլեանը:
1966-ին Թաթուլ Այնէճեան հիմը կը դնէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին:
1967-ին Վարուժան Խտըշեանը (վկայեալ Լոնտոնէն) կը հիմնէ «Թատրոն 67» խումբը:
Այս գլխաւոր խումբերէն ետք մինչեւ օրս կը հիմնուին նոր թատերախումբեր: Այս բոլորին կ՛անդրադառնանք աւելի յարմար առիթով:
Մենք այս գրութեամբ փորձենք արտայայտուիլ լիբանանահայ թատերական շարժումի երախտաւոր զաւակներէն տաղանդաւոր Ժորժ Սարգիսեանի մասին:
Լիբանանահայ թատրոնի «Չորսը»` Ժորժ Սարգիսեան, Պերճ Ֆազլեան, Վարուժան Խտըշեան եւ Գրիգոր Սաթամեան, իւրաքանչիւրը իր ներդրումով, բարձր պահած են հայ լեզուն, բեմը, թատրոնը եւ մշակոյթը Լիբանանի մէջ:
Գասպար Իփէկեանէն ետք «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան» թատերախումբին, որպէս բեմադրիչ-դերուսոյց, կը յաջորդէ դերասան Ժորժ Սարգիսեանը: Թատերախումբը կ՛անուանուի, իր ղեկավար-հիմնադիրին Գասպար Իփէկեանի անունով:
Ժորժ Սարգիսեան մօտ 30 տարի ղեկավարեց այս թատերախումբը` միշտ բարձր պահելով խումբին եւ միութեան մակարդակը:
Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակած «Ժորժ Սարգիսեան` թարգմանիչը» Ա. հատորին մէջ (2017), Արա Արծրունիին գրած յառաջաբանին մէջ կը կարդանք. «Ժորժ Սարգիսեան ինքնուս բեմադրիչ էր, նաեւ ինքնուս թարգմանիչ: Սակայն իր թատերական աշխարհը կը սկսէր շանթեան դպրոցով, կը շարունակէր չեխովեան եւ իփսէնեան դպրոցներով, հասնելու համար արդի թատրոնի դպրոցներուն»:
Իր օրով եւ յատկապէս իր ջանքերով հիմը դրուեցաւ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին:
Ժ. Սարգիսեանի մահէն ետք «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ունեցաւ քանի մը բեմադրիչներ, ի վերջոյ խումբին որպէս բեմադրիչ հրաւիրուեցաւ վաստակաւոր արուեստագէտ, բեմադրիչ-դերասան Վարուժան Խտըշեանը, որ նոր շունչ մը տուաւ թատերախումբի գործունէութեան:
Այս մասին եւս, կ՛անդրադառնանք, ուրիշ, յարմար առիթով մը:
Ըստ մեր պրպտումներուն եւ ըստ Ժորժ Սարգիսեանին հետ մօտէն աշխատած դերասան եւ ոչ դերասան անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ 70-ական թուականներէն մինչեւ իր մահը մեր դիտած բեմադրութիւններէն ելլելով, կրնանք որպէս ականատես վկայել, որ Ժորժ Սարգիսեանը եղաւ լիբանանահայ բեմին վարպետներէն` իր բծախնդիր, միշտ սրբագրող եւ խստապահանջ աշխատանքով: Ան «տիսիփլին»-ի տէր բեմադրիչ մըն էր: Այս մասին «Ազդակ» օրաթերթի 11 նոյեմբեր 1970-ի թիւին մէջ, Նշան Պէշիկթաշլեան կը գրէր. «Փորձերու ժամանակ Ժորժ Սարգիսեան կը նստի անկիւն մը, ծովահէններու պետի իր կերպարանքով, ու նկատի կ՛առնէ, թէ իր նաւազները ներկայացման նաւը ինչպէս կը տանին: Իր դիտողութիւնները կը նուազին փորձէ փորձ: Կը դիտէ, կը լսէ, կ՛ըմբոշխնէ, առանց մոռնալու պաշտօնը սրբագրիչի: Ժորժ Սարգիսեանը թէ՛ ճանաչողութեամբ, թէ՛ հոտառութեամբ կը կատարէ դերաբաշխումը»:
Իսկ 2 դեկտեմբեր 1970-ին Արա Արծրունին, «Ազդակ» օրաթերթի մէջ կը գրէր. «Եթէ Գասպար Իփէկեանը եղաւ Լիբանանի մէջ հայ թատրոնի մտայղացողն ու հիմնադիրը, Ժորժ Սարգիսեանը եղաւ դիմացկուն պահակն ու շարունակողը այդ գործին»:
Հայերէն լեզուն մաքուր հնչած է բեմին վրայ, Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութիւններուն մէջ, ան մնայուն սրբագրած է դերասանները` ցոյց տալով ճշգրիտ շեշտադրութիւնը եւ ձայնային ելեւէջները: Ամենակարեւորը, անոր թարգմանութիւններուն լեզուն եղած է բեմական, ինչ որ շատ օգնած է դերասաններուն խաղարկութեան: Իր թարգմանութիւններուն մէջ տեղ-տեղ զգալի էր «Շանթ»-եան ոճը: Այս մասին Արա Արծրունին կու տայ իր կարծիքը` գրելով. «Սկզբնական շրջանին Ժ. Սարգիսեան ազդուած էր Լեւոն Շանթի թարգմանութիւններու մէջ գործածուած լեզուական շարահիւսութիւններու ոճէն: Սակայն աստիճանաբար դուրս ելած է այդ ձեւէն եւ սկսած է իւրաքանչիւր թարգմանուած թատրերգութեան մէջ պահել բնագրին հարազատութիւնը»:
«Այգ» օրաթերթը իր 24 ապրիլ 1958-ի թիւին մէջ կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը բծախնդիր է իր բեմադրութիւններուն մէջ եւ աններող` սխալներու եւ թերութիւններու հանդէպ»:
Ժ. Սարգիսեանը գիտցած է փիէս ընտրել, ինչպէս նաեւ ճիշդ դերաբաշխում կատարել: Սեղանի աշխատանքը զգալի էր իւրաքանչիւր դերասանի մօտ, որովհետեւ երբ դերասան մը բեմ հանած է, կարելի եղածին չափ փորձած է անսխալ ներկայացնել: «Գ. Իփէկեան թատերախումբ»-ին ներկայացուցած թատերախաղերը, միշտ ալ մակարդակով եղած են, մանաւանդ Ժորժ Սարգիսեանի ընտրած եւ թարգմանած ու բեմադրուած գործերը:
«Սփիւռք» թերթը 1964-ին կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը, բեմադրիչ-դերուսոյցի եւ դերասանական արժանիքներու կողքին, հայ թատերական գրականութեան ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով մատուցած ծառայութեամբ արժանի է յատուկ գնահատանքի»:
Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանութիւններն ու բեմադրութիւնները ընդհանրապէս համամարդկային նիւթեր արծարծող, համաշխարհային հեղինակներու գործեր են, որոնք մեծապէս նպաստած են լիբանանահայ թատրոնի վերելքին: Ան թարգմանած է 26 թատրերգութիւններ եւ կատարած է 12 բեմականացում հայ հեղինակներու վէպերէն:
Ժ. Սարգիսեան հոյլ մը դերասան-դերասանուհիներ բեմ հանած է: Կ՛արժէ յիշել կարգ մը անուններ, որոնք տարիներով, սիրայօժար ծառայած են հայ բեմին, ինչպէս` Զեփիւռ-Շանթ, Ժորժ Շահապեան, Նելլի Մինասեան, Սիւզան Թոսպաթ, Ժաք Լուսարարեան, Քաջազուն Ապել, Վարուժան Խտըշեան, Գալուստ Ճանսզեան, Խաչիկ Արարատեան, Միսաք Ապաճեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Ռազմիկ Լիպարիտեան, Վազգէն Դարբինեան, Յակոբ Թորիկեան, Սարգիս Արսլանեան, Վարդգէս Վարդապետեան, Գարմէն Տէր Կարապետեան, Ժիրայր Խաչերեան, Թաթուլ Այնէճեան, Յարութիւն Գաբրիէլեան, Մարօ Սարգիսեան, Յարութիւն Պալեան, Դաւիթ Պոյաճեան, Նուպար Մանուկեան եւ հարիւրաւոր դերասան-դերասանուհիներ ու «թեքնիք» բաժնի մէջ աշխատող տղաք ու աղջիկներ:
Շարունակելով մեր փաստացի վկայութիւնները, մամուլի մէջ տպագրուած հարիւրաւոր կարծիքներէն, մէջբերենք երկու վկայութիւն եւս:
«Ակօս» թերթը իր 1955-ի թիւ 11-ին մէջ կը գրէր. «Գասպար Իփէկեանի մահէն յետոյ, Ժորժ Սարգիսեան դարձաւ խումբին թէ՛ դերուսոյց-բեմադրիչը, եւ թէ բեմադրուող երկերուն գլխաւոր դերակատարը: Աւելի՛ն, Ժորժ Սարգիսեան ո՛չ միայն դերուսոյց-բեմադրիչ մըն է, այլ նաեւ թարգմանիչ մը: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Ժորժ Սարգիսեան արուեստի արժանաւոր նուիրեալ մըն է եւ իր գործը այս երեք մարզերուն մէջ` արժանի է անվերապահ գնահատանքի»:
Իսկ «Ալիք» թերթը իր 14 մայիս 1959-ի թիւին մէջ կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը ապրում է եւ ապրեցնում է շրջապատին, որպէս դերասան: Իր ձեռքի շարժումները, այնքան յաջող, մարդու զարմանք են պատճառում: Ոչ մի աւելորդ ճիգ: Ամէն ինչ բնական է նրա մօտ: Գիտէ իր տիպարը ստեղծագործել եւ հասարակութեանը կապել իրեն հետ: Սա մեծ առաւելութիւն է, որի ամէն մէկ դերասան ձգտում է հասնել, բայց քիչ է յաջողւում»:
Եզրակացնելով ըսենք, թէ Ժորժ Սարգիսեանը լիբանանահայ թատերական արուեստի մակարդակի բարձրացման մէջ մեծ դեր ունեցած է: Տասնեակ տարիներ (մօտ 30 տարի) ան անխոնջ նուիրումով նպաստած է լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին:
Որպէս դերուսոյց, բեմադրիչ եւ դերասան ան գնահատուեցաւ ժողովուրդին, մտաւորականութեան եւ հայ թէ օտար մամուլին կողմէ:
Իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին ան միշտ ալ իր խաղացած կերպարներուն մէջ եղաւ յստակ, մաքուր առոգանութեամբ, զուսպ եւ ուսումնասիրուած շարժուձեւերով:
Թատրոնի հանդէպ ժողովուրդին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծեց` ներկայացնելով հայ թէ օտար թատերագէտներու գործերը:
Որպէս դերասան Ժորժը ունէր բնական ու բեմական արտաքին տեսք, բեմական ձայն ու առոգանութիւն: Իր դերասանութեամբ, բեմադրութիւններով, թարգմանութիւններով, ան բարձրացուց լիբանանահայ թատրոնին ճաշակը:
Ժորժ Սարգիսեանը, Պերճ Ֆազլեանը, Վարուժան Խտըշեանը եւ Գրիգոր Սաթամեանը լիբանանահայ թատրոնի մեր սիւներէն են, եւ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցաւ մեր թատերական շարժումի վերելքին մէջ:
Ժորժը ունեցած է բեմական ճաշակ եւ բեմը լեցնելու վարպետութիւն:
Հայ Թատրոնը Ի Պատուի.
Ժորժ Սարգիսեան Լիբանանեան
«Ազգային Կարգի Ասպետ»-ի Շքանշանով
Պարգեւատրուեցաւ

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերուսոյց եւ հայ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեան արժանացած է լիբանանեան «Մայրիի ազգային կարգի ասպետ»-ի շքանշանին` «սատարած ըլլալով Լիբանանի մէջ թատրոնի տարածման եւ աշխատած` արուեստի մակարդակի բարձրացման մեծ եռանդով ու նուիրումով, անձնական ամէն ճիգ թափելով այս ճամբուն մէջ», ինչպէս կ՛ըսէ այս առթիւ հրատարակուած հրամանագիրը:
Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուի կողմէ եղած այս պատիւը գնահատանքի բարձր արտայայտութիւն մըն է հանդէպ բազմաշխատ գործիչի մը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ամբողջական նուիրումով եւ անշահախնդրօրէն փարած է թատերական արուեստի վերելքին ու ժողովրդականացման:
Այս պարգեւատրումով բացառիկ պատիւ մը ընծայուած կ՛ըլլայ ոչ միայն Ժորժ Սարգիսեանի, այլ նաեւ Թատերասէրներու ամբողջ խումբին եւ առհասարակ` հայ թատրոնին ու արուեստին:
«Ազդակ», 16 յունիս 1965
«Գասպար Իփէկեան-ի
Կորիզը

Ձախէն աջ` Սիմոն Վրացեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Ժորժ Սաատէ, Ժորժ Սարգիսեան, տիկին Նինա Ճիտէճեան, տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, Ապտել-Ռահման Ատրա (Պարսկաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան), Ժորժ Սարգիսեանի մայրը եւ Անտրէ Թապուրեան (երեսփոխան)
Կրթական եւ գեղարուեստից նախարարութեան տնօրէն Ժորժ Սաատէ կը խօսի իր աւուր պատշաճի խօսքը: Նայուածքս կեդրոնացած է Ժորժ Սարգիսեանի դէմքի խաղերուն, կը հետեւիմ իր յուզումներուն: Արտայայտութիւններու լուռ պայքար մը կայ իր խիստ նայուածքին մէջ: 18 տարիներու յոգնաշատ աշխատանքի կնիքը դրոշմուած է իր կոպերուն վրայ, բայց աչքերը լի են վճռակամութեամբ եւ հաւատքով:
Ժ. Սաատէ կը կատարէ իր պարտականութիւնը ու շքանշանը կը կախէ Ժորժ Սարգիսեանի կրծքէն: Յանկարծ կը պայթի խանդավառ ծափերու աղմուկը: Կը նայիմ բեմի նուիրեալին: Չեմ կրնար զսպել խանդավառութիւնս ու բառեր կը փախչին բերնէս.
– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ Ժորժ…
Բազմութիւնը կը ծափահարէ յայտնելու համար իր գոհունակութիւնը: Պատիւը, որ տրուած է հայ բեմին ու Ժորժ Սարգիսեանին, հպարտութեամբ կը լեցնէ ներկաներուն սրտերը: Բայց շատեր չեն գիտեր, չեն զգար զոհողութեան չափը Ժորժ Սարգիսեանի 18 երկար տարիներու աշխատանքին: Բազմութիւնը կու գայ ու կը ծափահարէ արդիւնք մը, բայց երբեք չի գիտեր, թէ որքա՛ն քրտինք է թափուած քուլիսներուն ետեւ: Ամէն մէկ տարի իր մէջ կը պարփակէ բծախնդիր աշխատանքի բոլոր դժուարութիւնները: Այդ դժուարութիւններուն առջեւ շատեր պարտուած եւ ընդմիշտ հեռացած են հայ բեմէն:
Ինծի պէս «այցելու դերասաններ» շատ են եկած ու անցած «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբէն: Բայց մնացած է կորիզը, ու այդ կորիզին բաբախուն սիրտը` Ժորժ Սարգիսեան: Յիշողութեանս առջեւէն կ՛անցնին իր աշխատանքին արարները. թարգմանութիւն, սրբագրութիւն, մեքենագրութիւն. տեքորներու պատրաստութիւն, դերերու բաշխում, դերերու ուսուցում… Աշխատանք… աշխատանք…
Այո՛, կարելի չէ չյիշել այս բոլորը: Կարելի չէ չըսել.
– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ Ժորժ…
Ժորժ Սարգիսեան իր կամքը պարտադրեց առօրեայ միօրինակ կեանքին, որովհետեւ ան ունէր սիրտ մը` լեցուն հայ թատրոնի կրակով:
Մտքիս մէջ կը վերադառնան հին օրերը…: Քուլիսներու ետին շարժող տեքորներ… Մագիյաճի հոտերը… Ու այդ բոլորին վերեւ Ժորժին ձայնը տիրական: Այդ ձայնը անուրանալի անհատականութիւն մը կը պահէ իր մէջ: Անուրանալի մեծութիւն մը, որուն առջեւ պարտաւոր ենք ըլլալ անկեղծ ու ըսել.
– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ դերուսոյց…:
Ա. Ա. («Ազդակ», 30 յունիս 1965)
Ժորժ Սարգիսեան Կը Խօսի
Ի՞նչ է թատրոնը.- «Թատրոնը դէպք մը, դրուագ մը հարազատօրէն վերարտադրելու, վերակենդանացնելու արուեստն է: Թատրոնը նիւթ մը, սկզբունք մը, վարդապետութիւն մը պատկերաւոր եւ կենդանի ձեւով վերլուծող եւ խորացնող արուեստն է»:
Իր կտակէն.- «Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պէտք է ամէն գնով գոյատեւէ: Ղեկավարին անհետացումը պէտք չէ կասեցնէ անոր կենսական գործունէութիւնը եւ ջլատէ անոր յարատեւումը: Բոլոր անդամներուն, հին թէ նոր, պարտաւորութիւնն է քով քովի գալ եւ անմիջական միջոցներ ձեռք առնել գործը շարունակելու համար:
Պերճախօս Թիւեր
«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի
30-Ամեայ Գործունէութիւնը Յատկանշող
28 տարբեր փիեսներու բեմադրութիւն (11-ը հայկական, 17-ը օտար)
Ասոնցմէ 11-ը` բեմադրուած միայն մէկ տարեշրջանի ընթացքին:
8-ը` բեմադրուած 2 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
3-ը` բեմադրուած 3 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
4-ը` բեմադրուած 4 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
2-ը` բեմադրուած 5 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
Ընդամէնը` 62 բեմադրութիւն:
464 ներկայացում` 342-ը Լիբանանի մէջ, 122-ը արտասահմանի մէջ:
229 դերակատարներու մասնակցութիւն (77-ը իգական, 152-ը արական սեռէ):
11 տարբեր երկիրներու մէջ ելոյթ:
24 տարբեր քաղաքներու եւ կեդրոններու մէջ ելոյթ (5-ը Լիբանան, 19-ը արտասահման):
41 տարբեր բեմերու վրայ (13-ը Լիբանանի, 28-ը արտասահմանի մէջ):
22 շրջապտոյտներ եւ այցելութիւններ Լիբանանէն դուրս գաղութներու:
242-700 հանդիսականներ ներկայ գտնուած են խումբի ներկայացումներուն:
70 օրաթերթեր եւ պարբերաթերթեր (44-ը հայ, 26-ը օտար) անդրադարձած են խումբի գործունէութեան:
231 թղթակիցներ ու քննադատներ (192-ը հայ, 39-ը օտար) յօդուածներ ստորագրած են մամուլի մէջ, խումբի մասին:
8 երկիրներու ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններէն տեղեկութիւններ սփռուած են խումբի գործունէութեան մասին:
3 միջազգային լրատուութեան մէջ գործակալութիւններ խումբի ճամբորդութիւնները նշած են:
1.300 էջնոց մեծադիր հատոր մը կը կազմուի խումբի մասին մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներով: