Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Հայութեան Վրիժառու Բազուկ Եւ Արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանին

Յունիս 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած հայ ազգի եւ Հայաստանի արդարադատ, վրիժառու բազուկ  Սողոմոն Թեհլիրեանին, որ մեր ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին արդար, քաղաքական եւ ամբողջական հատուցումը պահանջելու ազգային մեր իրաւատիրութեան անմահ մարմնաւորումը հանդիսացաւ ու տակաւին կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ սերունդներ ամբողջ ամրապնդել ազգային պահանջատիրական ուղիէն չշեղելու ոգիով:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Քարոզչական յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց Քրիստ Քէօշկերեան, ապա ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Վիգէն Քէշիշեան, որ նկատել տուաւ, թէ Սողոմոն Թեհլիրեանի անունը արժանաւոր կերպով ամրագրուած է հայ ժողովուրդի հերոսներուն կարգին: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին տրուած որոշումով ցեղասպանները պատժելու հոլովոյթը` հաստատելով, որ այդպիսով նոր էջ բացուեցաւ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, ամբողջ ժողովուրդի մը վրէժը լուծուեցաւ, որովհետեւ հայը թշնամիին հետ խօսեցաւ փամփուշտի լեզուով: Վ. Քէշիշեան նշեց, որ այդ փուլէն ետք հայութիւնը թօթափեց զոհի ու անիրաւուածի բարդոյթը, դարձաւ խրոխտ, մարտունակ, պահանջատէր, իրերայաջորդ սերունդներ ուխտեցին ընթանալ Թեհլիրեանի ուղիէն եւ մնալ անզիջող:

Անդրադառնալով կոմիտէութեան կրած անուան` «Սողոմոն Թեհլիրեան», Վիգէն Քէշիշեան հաստատեց, որ արդարահատոյցին շունչն ու ոգին մնայուն ներկայութիւն է ակումբին մէջ, ուր նաեւ այս տարի տեղադրուեցաւ Թեհլիրեանի կիսանդրին: Ըստ անոր, յուշ-երեկոյին նպատակն է մեծ հայը աւելի եւս ծանօթացնել ժողովուրդին, որպէսզի նոր սերունդները հաւատարիմ մնան անոր կտակին եւ ընթանան նոյն ուղիով:

Ապա Ալիսիա Իշխանեան եւ Նարեկ Քէշիշեան ներկայացուցին «Նեմեսիս»-ը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ հետաքրքրական ու հաղորդական ոճով եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կենսագրականին, անոր կատարած գործողութեան, նաեւ իր խօսքին ճամբով բանախօսը միս ու ոսկոր տուաւ Սողոմոն Թեհլիրեանին` ներկաներուն փոխանցելով պատմական փաստացի տուեալներ, յուշագրութիւններու ընդմէջէն ուրուագծելով անոր պատկերը, ինչպէս նաեւ կատարուած գործողութեան պատգամն ու աւանդը փոխանցելով ներկայ սերունդներուն: Ան հաստատեց, որ վրիժառութեան բոլոր արարքներուն մէջ ալ Թեհլիրեանի թիրախը եղած է Թալէաթը, որուն ճիւաղային ուրուականը կը հալածէր զինք գիշեր ու ցերեկ` մանրամասն կերպով անդրադառնալով ոճրագործին ահաբեկման:

Կարօ Յովհաննէսեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Թալէաթի սպանութիւնն ու Թեհլիրեանի դատավարութիւնը ունին բազմաթիւ նշանակութիւններ` թէ՛ արտաքին, եւ թէ՛ ներքին ճակատներու վրայ` հայ ժողովուրդի հոգեկան տառապանքի հանդարտութիւն, անոր արժանապատուութեան վերականգնում, քաղաքական բնոյթ` Ցեղասպանութեան վերաբերող հրապարակումներէն մեկնելով, քարոզչական անդրադարձ` ներքին ու արտաքին-քաղաքական մակարդակներու վրայ, Թեհլիրեանի կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքին ամբողջութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատկանիլը: «Պէտք է հաստատել սակայն, որ անիկա առաջին օրէն իսկ դուրս եկած է Դաշնակցութենէն եւ կը պատկանի ամբողջ հայութեան», շեշտեց ան: Պատգամաբերը նաեւ խօսեցաւ Թեհլիրեանի արարքին մարդկային հրաշալի փիլիսոփայութեան մասին, որ թէեւ հակասական տարրեր կրնայ ունենալ, սակայն հրաշալի փիլիսոփայութիւն ըլլալէ չի դադրիր: «Թեհլիրեան ահաբեկիչ է, եւ իր արարքը ահաբեկչութիւն է: Թեհլիրեան ահաբեկիչը ահաբեկեց Թալէաթ ահաբեկիչը եւ վրէժը լուծեց ահաբեկչութեան», նշեց Կարօ Յովհաննէսեան` շեշտելով, որ Թալէաթի ահաբեկումը նաեւ յիշեցում մըն էր աշխարհին, որ հայութեան հաշուոյն անարդարութիւն կը պատահէր Մոսկուայի դաշնագիրի ստորագրութեամբ` պոլշեւիկ Մոսկուայի եւ քեմալական Անգարայի միջեւ:

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Թեհլիրեանի նկարագրային գիծերուն, որոնց մէջ յատկանշական էր այն, որ վրիժառու բազուկի տէր այս անձնաւորութիւնը որեւէ ժամանակ իր կատարած արարքը չվերածեց անձնական դրամագլուխի, մնաց համեստութեան խորհրդանիշ, մերժեց խօսիլ իր կատարածին մասին, չզբաղեցաւ ինքնամեծարումով: Կարօ Յովհաննէսեան խօսեցաւ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքին մասին` վրիժառու արարքը գործելէ ետք` շեշտելով, որ ան մեռաւ իբրեւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, այն մարմինին, որուն ստեղծման մէջ մեծ դեր կատարեց ան:

Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով Կարօ Յովհաննէսեան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն Թեհլիրեան կարդալու, որովհետեւ անիկա ներշնչման ու դաստիարակչական անսպառ նիւթի աղբիւր է` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնալ, որ դիւրին գործ չէր կատարուածը, այլ մանրազնին ու հետեւողական երկար աշխատանքի արդիւնք էր:

«Մենք հերոս ունինք, ուրեմն պատմութիւն ալ ունինք: Վկա՛յ` Սողոմոն Թեհլիրեանը: Հայոց պատմութիւնը չէր գրուեր, եթէ չըլլային Թեհլիրեանները: Հայոց պատմութեան անունն է Սողոմոն Թեհլիրեան», իր խօսքը աւարտեց բանախօսը: (Խօսքին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակենք յառաջիկային):

Ապա ցուցադրուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած հետաքրքրական տեսերիզ մը:

Աւարտին հայրենի երգիչ Սահակ Սահակեան մեկնաբանեց ազգային երգեր:

 

Նախորդը

Համազգայինի Կերպարուեստի Դպրոցներ. «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աշակերտութեան Ամավերջի Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ճակատում Եւ Մերձեցում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?