Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Մայիս 1, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ եւ Էլի Մարունի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի ներկայացուցիչ` նախկին նախարար Կապի Լայեուն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայացուցիչ` Աշոտ Բագրատունի, նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի, նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն եւ Հասան Եաագուպ, Ժողովրդային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզեֆ եպս. Մուաուատ, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Անթոնիոս Սուրի, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ արք. Տարուիշի ներկայացուցիչ` Նիքոլա արք. Հաքիմ, դատախազ Սինթիա Գասարճի, Զահլէի ազգայիններէն Ժորժ Փուչիկեան, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զուղէյպ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պեքաայի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Պասըթ, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Խաժակ Բալուլեան, որ յայտնեց, թէ Պեքաայի եւ յատկապէս Զահլէի համար տարօրինակ երեւոյթ չէ մասնակից դառնալ իրաւացի դատ մը ներկայացնող ոգեկոչման ձեռնարկի մը:

Ան նշեց, որ 1915-ին հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու սկիզբը վերածած է մահուան ու ամօթի` արձանագրելով այնպիսի բարբարոսութիւններ ու վայրագութիւններ, որոնք անկարելի է մարդկային միտքով հասկնալ:

Խ. Բալուլեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուաններուն, տեղահանութեան, վերապրումին, սփիւռքի կազմաւորման, հայկական իր ինքնութեան եւ աւանդութիւններուն պահպանումին:

«Իբրեւ լիբանանահայեր` մենք հպարտ ենք մեր լիբանանեան եւ հայկական ինքնութեամբ: Լիբանանը եւ Հայաստանը մեզի համար կը ներկայացնեն հոգին եւ մարմինը, որոնք անկարելի է իրարմէ անջատել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի պայքարի ի խնդիր Հայ դատի լուծման եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Խ. Բալուլեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալը պատճառ դարձած է այլ ցեղասպանութիւններու, ինչպէս նաեւ նոր միջոցներով եւ նոր անուններով գործուող մերօրեայ սպանդներուն, որոնց մասին կարելի է ըսել, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Ապա խօսք առաւ բանաստեղծ Հանի Մըրատ, որ ողջոյնի խօսք ուղղեց հայ ժողովուրդին, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր հրատարակած «Ողջ հայեր» գիրքին նախաբանին` արտասանելով հայութեան նուիրուած իր երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէն հատուած մը:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Նըհնա ուըլ Ատիյէ» արաբերէն յատուկ երգով հանդէս եկաւ երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան, որ երգեց նաեւ «Ատանայի ողբ»-ը:

Ապա Զահլէի կրտսերագոյն բնակիչներէն 4 եւ 5 տարեկան քոյր ու եղբայր Լոռի եւ Դաւիթ Խայեաթ-Նալպանտեաններ հայերէնով ասմունքեցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կարճ ոտանաւորներ:

Օրուան պատգամը ուղղեց երեսփոխան Յ. Բագրատունի, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, որ գործադրուած է կանխամտածուած կերպով` ժողովուրդ մը բնաջնջելու, զայն տեղահան ընելու եւ անոր ունեցուածքին տիրելու ու հողերը իւրացնելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ թրքական պետութիւնը ճանչնայ իր նախահայրերուն գործած ոճիրը, ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն եւ նիւթական ու բարոյական հատուցումներ կատարէ հայութեան` անոր վերադարձնելով իր բռնագրաւուած հողերը:

«Հայոց ցեղասպանութեան գծով թրքական կառավարութեան պատասխանատուութիւնը անկարելի է կասկածի տակ առնել, որովհետեւ իշխանութիւնը շարունակականութիւն է` սկսեալ Օսմանեան կայսրութենէն, հասնելով Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին եւ իրերայաջորդ թրքական կառավարութեանց, հասնելով մինչեւ Կիւլ եւ Էրտողան», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ Թուրքիոյ դաշնակից պետութիւններուն պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, միջազգային բոլոր ուխտերուն խախտումին, պատերազմական ոճիրներ եւ Ցեղասպանութիւնը գործելու եւ այդ մեղքը ուրանալու քաղաքականութեան, այդ պետութիւնները տակաւին կը մնան Թուրքիոյ դաշնակիցը:

«Իբրեւ երկրին մէջ գործող քաղաքական ուժ` մենք գործակիցներ ենք եւ կարիքը ունինք մեր նահատակներուն յիշատակը եւ մեր դատը յարգող քաղաքական կեցուածքներու, ինչպէս որ մենք կը յարգենք Լիբանանի համար ինկած մեր բոլոր համայնքներուն նահատակները: Ոչ ոք թող 1915-ի դէպքերը «ողբերգութիւն», «ցաւալի դէպքեր» եւ այլ եզրերով մեկնաբանէ, որովհետեւ անոնք մէկ անուն ունին` Ցեղասպանութիւն, ինչպէս յայտարարած է պապը», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, որ արդեօք թուրք ղեկավարներ Ճեմալի, Թալէաթի, Էնվերի, Նազըմի եւ Շաքիրի բացայայտ կեցուածքները, թէ հայերը պէտք է բնաջնջել եւ հայ անունը իր գոյութենէն ջնջել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները սովի ենթարկելով ցեղասպանութեան ենթարկել, բաւարար չե՞ն արթնցնելու հաւաքական յիշողութիւնը եւ լիբանանեան պետութենէն միասնաբար պահանջելու, որ 24 ապրիլը Ցեղասպանութեան դէմ ազգային զօրակցութեան օր յայտարարուի:

«Նահատակներուն յիշատակին, իրաւունքի եւ ճշմարտութեան նահատակներուն դիմաց ի՞նչ կը պահանջենք:

Միասնաբար կը պահանջենք իրաւունքի եւ արդարութեան բանեցում:

Միասնաբար կը պահանջենք Թուրքիայէն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել, հատուցել եւ հայութեան վերադարձնել իր պապենական հողերը:

Կը պահանջենք Թուրքիայէն հաշտուիլ իր պատմութեան հետ եւ վերջ տալ ճշմարտութիւնը ուրանալու քաղաքականութեան, որովհետեւ ժողովուրդներուն պայքարը կը շարունակուի, այնքան ատեն որ ոճրագործութիւնը կը շարունակուի, իսկ իրաւունքն ու արդարութիւնը իրականացնելու լաւագոյն միջոցը` իրաւազրկուած ժողովուրդներուն միասնականութիւնն է:

Մենք ծնունդ առինք եւ նահատակուեցանք, որպէսզի միասին ապրինք եւ միասին ալ պիտի գոյատեւենք», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Իսկ Այնճարէն խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին երգ ու նուագ: Սեւատա Անտոնեան կիթառով երգեց Արթիւր Մեսչեանի «Աշխարհի ցաւով» երգը, իսկ Րաֆֆի Թասլաքեան` տուտուկով ու Շաղիկ Հապէշեան` ջութակով նուագեցին «Տլէ Եաման»-ը:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?