ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ գիշեր ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի հռոմէական գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին:
Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ ՀՅԴ Ժիպէյլի ակումբէն սկիզբ առած քայլարշաւով մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին կողմէ: Հսկայ Եռագոյնը, ջահերը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիան դատապարտող, հատուցում պահանջող եւ պահանջատէրի ուխտը վերանորոգող գրութեամբ ցուցանակները կրող ՀՅԴ «Ա. Ջամալեան» պատանեկան միութեան անդամներն ու ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող ներկաները հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդած երթին:
Քայլարշաւը սկսաւ ակումբէն եւ կանգ առաւ «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ, ուր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզի անդամներ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը փրկած Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին, ապա քայլարշաւը դարձեալ ընթացք առաւ դէպի հրապարակ, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին:
Ապա երթին մասնակցողները ուղղուեցան հրապարակ` ներկայ գտնուելու համար Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկին, որուն բեմը զարդարուած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի մանրակերտով:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ուալիտ Խուրի եւ Ապպաս Հաշեմ, նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահի, զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացուցիչ Աշոտ Բագրատունի, մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հայր Ռոմանոս Սեսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Նաժի Հայէք, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Թոնի Ապի Եունես, Մարատա հոսանքի Ժիպէյլի պատասխանատու Ֆիրաս Սաատ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Ժորժ Հատտատ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Շարպել Ապու Աքըլ, Հըզպալլայի Ժիպէյլի պատասխանատու Մաժետ Հաժ, Ամալ շարժումի Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի պատասխանատու Ալի Խէյրէտտին,
Ժիպէյլի գաւառապետ Նաժուա Սուէյտան Ֆարահ, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթի ներկայացուցիչ` փոխքաղաքապետ Այուպ Պարըք, Պլաթի քաղաքապետ Սեսին Քսայֆի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հոգեւորականներ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:
Յիշատակի ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագով, որ հնչեցուց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզի անդամ Սարին Զիլիֆեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը:
Մ. Զիլիֆեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը` ընդգծելով Հայ դատին արդարացի ըլլալը եւ հայ ժողովուրդին մէջ պահանջատիրութեան ոգին վառ պահելու պատրաստակամութիւնը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հարցին` լուսարձակի տակ առնելով հայու արիւն թափելու եւ հայոց պապենական հողերը գրաւելու ազրպէյճանական ախորժակները, ինչպէս նաեւ ողջունելով իր հայրենի հողը պաշտպանող եւ իր կեանքը նուիրող հայ զինուորը:
Մ. Զիլիֆեան ողջունեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Օրուան բանախօս, Լիբանանեան համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանի շեշտեց, որ բոլոր անոնք, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը տեսութիւն կը նկատեն եւ անոր իրողութիւնը կը ժխտեն, հրաւիրուած են իմանալու, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկեց հայերը, ասորիները, քաղդէացիները, յոյները, լիբանանցիները, իրաքցիները, սուրիացիներն ու սէուտցիները` աւելցնելով, որ հարցը չի կայանար անոր մէջ, որ իսլամները քրիստոնեայ սպաննեցին:
Դոկտ. Ռահպանի լայն կերպով անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածած հայոց եւ լիբանանցիներուն դէմ գործած ցեղասպանութիւններուն, Սէյֆոյին եւ Սեֆերպերլիքին` ընդգծելով, որ Օսմանեան կայսրութեան գործած սպանդներն ու նախճիրները ծածկել փորձող եւ անոր ստեղծած արիւնալի պատմութիւնը ժխտող ոեւէ պատասխանատու կամ տգէտ է եւ կամ դաւաճան:
Դոկտ. Ռահպանի շեշտեց նաեւ, որ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան պատճառով է, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործած աւերներով, աղէտներով ու ջարդերով:
«Լիբանանի մէջ եւ այլուր մարդիկ զոհ կ՛երթան ահաբեկչութեան, որ կը ֆինանսաւորուի եւ կը պատրաստուի թրքական կառավարութեան կողմէ: Իսկ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը կրկնուին այն սպանդները, որոնք պատահեցան մէկ դար առաջ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ոճրային քաղաքականութեան` դոկտ. Լէյլա Ռահպանի անդրադարձաւ Լեռնալիբանանի սովին, որուն պատճառով սովամահ եղան երկու հարիւր հազար լիբանանցիներ, այսինքն` 600 հազար անհատ հաշուող Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը, աւելցնելով, որ այդ պատճառով երկու հարիւր հազար լիբանանցիներ արտագաղթեցին, «եւ Լեռնալիբանանը գոյատեւեց մնացեալ երկու հարիւր հազար բնակիչներով, որոնց շառաւիղներն ենք մենք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին եւ յատկապէս սահմանադրութեան հանրաքուէին ու նախագահական համակարգի վերահաստատումին` դոկտ. Ռահպանի շեշտեց, որ իր կարծիքով Թուրքիա կ՛ուղղուի դէպի նոր օսմանական կայսրութեան հիմնում եւ իր նախագահը` Էրտողանը վերածելու այդ կայսրութեան 37-րդ սուլթանը:
Դոկտ. Ռահպանի յայտնեց, որ թրքական սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ Էրտողանի ստացած յաւելեալ իրաւասութիւնները պատճառ պիտի դառնան Աթաթուրքի հիմնած աշխարհիկ պետութեան եւ թրքական բանակին տկարացման` արտօնելով, որ իշխող կուսակցութիւնը իր հակակշիռին տակ առնէ ամբողջ պետութիւնը:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը, որուն յաջորդեց ասմունք. ՀՅԴ «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Ալիսիա Իշխանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Մահուան տեսիլք»-ը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց երեսփոխան Յ. Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ աշխարհը կ՛ապրի յեղաշրջումի, ժողովրդագրական փոփոխութիւններու, բաժանումի, ժողովուրդներու քայքայման եւ համաշխարհային պատերազմներու պայմաններ, որոնք գետնի վրայ իրենց տեղական դրսեւորումները ունին:
«Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որոնք կեղծ կարգախօսներու, հնչեղ սկզբունքներու, մարդկային եւ ժողովրդավարական իրաւունքներու գծով յաւելումներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ժողովուրդներուն իրաւունքները հարուածելու, բառերու եւ սուտերու, իմաստուն որոշումներու եւ խենթութեան, արդարութեան եւ արդարութեան անունով սպանդներ գործելու, ազատութեան եւ այդ ազատութեան դէմ ոտնձգութեան, նահատակութեան եւ հաւաքական գերեզմաններու, դաւադրութիւններու եւ ժողովրդային յեղափոխութիւններու ժամանակաշրջան մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այլ խօսքով` կարելի է ըսել, որ մարդ արարածը կ՛ապրի անորոշութեան եւ սպաննող լռութեան մէջ:
«Այս կացութեան զուգահեռ հայը կու գայ ըսելու բոլորին, թէ ինք դատ ունի, թէ Հայ դատը տակաւին առկայ է, որովհետեւ զայն հետապնդող եւ անոր լուծման համար պայքարող ժողովուրդ կայ անոր ետին», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, որ գործադրուած է կանխամտածուած կերպով` ժողովուրդ մը բնաջնջելու, տեղահան ընելու եւ անոր ունեցուածքին տիրելու ու հողերը իւրացնելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ թրքական պետութիւնը ճանչնայ իր նախահայրերուն գործած ոճիրը, ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն եւ նիւթական ու բարոյական հատուցումներ կատարէ հայութեան` անոր վերադարձնելով իր բռնագրաւուած հողերը:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան գծով թրքական կառավարութեան պատասխանատուութիւնը անկարելի է կասկածի տակ առնել` շեշտելով, որ իշխանութիւնը շարունակականութիւն է սկսեալ Օսմանեան կայսրութենէն, հասնելով Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին եւ իրերայաջորդ թրքական կառավարութեանց, հասնելով մինչեւ Կիւլ եւ Էրտողան:
Ան ընդգծեց, որ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի օրէնքներուն համաձայն, Թուրքիա պատասխանատու է, այնքան ատեն որ բռնագրաւուած կը պահէ հայ ժողովուրդին պատկանող հողերը եւ այնքան ատեն որ պատերազմական ոճիրներու եւ Ցեղասպանութեան հեղինակները դատավարութեան չեն ենթարկուած, ինչպէս նաեւ ըստ Լոզանի համաձայնագիրին` Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու իմաստով կէտերը չեն յարգուած:
Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ Թուրքիոյ դաշնակից պետութիւններուն պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, միջազգային բոլոր ուխտերուն խախտումին, պատերազմական ոճիրները եւ Ցեղասպանութիւնը գործելու ու այդ մեղքը ուրանալու քաղաքականութեան, այդ պետութիւնները տակաւին կը մնան Թուրքիոյ դաշնակիցը:
«Մեկնելով այս տուեալներէն` կը հաստատենք, որ ա) Հայ դատը արժանապատուութեան, արդարութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն հաւատացող ու իր սրտին մէջ կաթիլ մը մարդկայնութիւն ունեցող իւրաքանչիւր անհատի պաշտպանած դատն է, բ) Այն պետութիւնները, որոնք մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան առումով գեղեցիկ սկզբունքներ կը հնչեցնեն, պատասխանատու են հայութեան դէմ ոճիրը շարունակելու: Անոնք կոչուած են Հայոց ցեղասպանութեան իմաստով Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը ճանչնալու` իրենց կեցուածքները արդարացնելու համար, գ) Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերջ տայ իր գործադրած ուրացման քաղաքականութեան, որովհետեւ սփիւռքահայութիւնը պիտի չարտօնէ, որ ոճրագործ թուրքը իր նախահայրերուն գանկերուն եւ դիակներուն վրայ արիւնոտ ձեռքերով նստի եւ հաստատէ, որ ինք ջարդարար չէ: Ուշ կամ կանուխ Թուրքիա պիտի ընդունի իր գործած ոճիրը եւ սուղ պիտի վճարէ Հայոց ցեղասպանութեան գինը, դ) Արաբական երկիրները իրենց կարգին պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ իրենք եւս ապրած են Օսմանեան կայսրութեան անիրաւութիւնը` 4 դար շարունակ գտնուելով անոր լուծին տակ, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի, Լիբանանի թէ այլ շրջաններու մէջ: Արաբներուն դէմ թրքական ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի. Թուրքիոյ օսմանական-ահաբեկչական դիմակը ինկած է եւ ան վերածուած է արաբ ժողովուրդին եւ շրջանի բնակչութեան դէմ մղուող ահաբեկչական պատերազմի մարտկոցներուն, ե) Լիբանանեան առումով, մենք կը հպարտանանք, որ Լիբանանի խորհրդարանը 2000-ի մայիսին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն կ՛ուզենք հաստատել, որ զզուեցուցիչ են հայութեան նկատմամբ փաղաքշական արտայայտութիւնները: Այո՛, արհեստներու մէջ վարպետ ենք, մշակոյթ ունինք, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ յաջողած ենք, սակայն այս բոլորը մնայուն կերպով պէտք չունի լիբանանցին մեզի յիշեցնելու: Իբրեւ երկրին մէջ գործող քաղաքական ուժ, մենք գործակիցներ ենք եւ կարիքը ունինք մեր նահատակներուն յիշատակը եւ մեր դատը յարգող քաղաքական կեցուածքներու, ինչպէս որ մենք կը յարգենք Լիբանանի համար ինկած մեր բոլոր համայնքներուն նահատակները: Ոչ ոք թող 1915-ի դէպքերը «ողբերգութիւն», «ցաւալի դէպքեր» եւ այլ եզրերով մեկնաբանէ, որովհետեւ անոնք մէկ անուն ունին` Ցեղասպանութիւն, ինչպէս յայտարարեց պապը: Արդեօք լիբանանցի իմ գործընկերներուս պէ՞տք է յիշեցնեմ, որ ես թոռն եմ 1915-ին նահատակուած հայուն, եւ պէ՞տք է աւելցնեմ, որ իրենց մեծ հայրերը սովի նահատակներ են, հետեւաբար մենք մէկ դահիճի դիմաց կը գտնուինք, դահիճ մը, որ միայն իր թուրանականութիւնը կը ճանչնայ եւ կ՛երազէ շրջան վերադառնալ:
Յ. Բագրատունի մէջբերեց Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի 1919-ին կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մեր քաղաքացիները գործեցին այնպիսի ոճիրներ, որոնք մարդկային միտքին համար անհաւատալի են: Անոնք գործեցին աներեւակայելի բռնարարքներ, կազմակերպեցին տեղահանութիւն եւ սպանդներ, հրկիզեցին նորածիններ` անոնց վրայ նաւթ թափելէ ետք, բռնաբարեցին կիներ եւ աղջիկներ` անոնց կապուած ծնողներուն դիմաց, ծնողներէն խլեցին անոնց զաւակները, տիրացան բոլոր կալուածներուն, ժողովուրդը կատարեալ խոցելի վիճակի մատնեցին եւ զանոնք բռնագաղթի ենթարկեցին` ամբողջ ճամբուն ընթացքին զանոնք վարկաբեկելով եւ վայրագ կերպով տանջելով… Մեր քաղաքացիները հայ ժողովուրդը անտանելի պայմաններու ենթարկեցին, այնպիսի պայմաններ, որոնք ոչ մէկ ժողովուրդ վկայած է` ամբողջ պատմութեան ընթացքին»:
Երեսփոխան Բագրատունի եզրափակեց իր խօսքը` հարց տալով, որ արդեօք թրքական այս ղեկավարութիւններուն` Ճեմալի, Թալէաթի, Էնվերի, Նազըմի եւ Շաքիրի կեցուածքները, թէ հայերը պէտք է բնաջնջել եւ հայ անունը իր գոյութենէն ջնջել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները սովի ենթարկելով ցեղասպանութեան ենթարկել, բաւարար չե՞ն արթնցնելու հաւաքական յիշողութիւնը եւ լիբանանեան պետութենէն միասնաբար պահանջելու, որ 24 ապրիլը Ցեղասպանութեան դէմ ազգային զօրակցութեան օր յայտարարուի:
ՀՅԴ «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Նաթալի Աբոքեան տուտուկով հնչեցուց «Կռունկ»-ը:
Ապա երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան երգեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Նըհնա ուըլ Ատիյէ» արաբերէն յատուկ երգը, ինչպէս նաեւ «Ատանայի ողբ»-ը:
Նշենք, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին նախաձեռնութեամբ ձեռնարկին ներկայ գտնուող բոլոր մասնակիցները, հրապարակին մուտքին ստացան «Պաշտպանէ Արցախ»-ը գրութեամբ եւ «Մենք ենք մեր սարերը» պատկերը կրող յատուկ ձեռնակապեր եւ Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ բովանդակող թռուցիկներ` անգլերէնով ու արաբերէնով:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:






